«Հայաստանի Մարզիկները Ամէն Տեղ Կրնան Բարձր Պահել Մեր Երկրին Պատիւն Ու Հեղինակութիւնը» Յայտնեց Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէն
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, 21-22 նոյեմբերին Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` գլխաւոր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեանի գլխաւորութեամբ, Պաքուի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպայի ողիմպիական կոմիտէի 43-րդ գլխաւոր համաժողովին, որուն ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր, որոնց կարգին յառաջիկայ տարի Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք եւրոպական մարզական առաջին խաղերուն հետ կապուած շարք մը խնդիրներ:
Այս առիթով Հայատանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ նշեց. «Համաժողովին պատուիրակները բարձր գնահատեցին Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին որոշումը` մասնակցելու Պաքուի մէջ տեղի ունեցած գլխաւոր համաժողովի աշխատանքներուն: Անոնք շեշտեցին, որ հայկական կողմին քայլը կարեւոր ներդրում է խաղաղութեան հաստատման եւ մարզաշխարհին մէջ համերաշխութեան կայացման գործին մէջ:
«Հայկական կողմին բոլոր հարցադրումներուն տրուեցան բաւարարող եւ սպառիչ պատասխաններ, մինչ Պաքու անգամ մը եւս եկաւ շեշտելու, որ պիտի ապահովէ հայկական պատուիրակութեան անվտանգութիւնը:
«Այս համաժողովին որոշուեցաւ Եւրոպական ողիմպիական կոմիտէին 45-րդ համաժողովը կատարել Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ:
«Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն կը գտնէ, որ հայ մարզիկները պէտք է մասնակցին Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք եւրոպական այդ առաջին խաղերուն` անգամ մը եւս ապացուցելու համար, որ Հայաստանի մարզիկները ամէն տեղ կրնան բարձր պահել մեր երկրին պատիւն ու հեղինակութիւնը:
«Այսուհանդերձ հաշուի առնելով հարցին նրբութիւնը եւ կարեւորութիւնը, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն վերջնական որոշում պիտի տայ միայն մարզաշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներէն ետք»:

