Լիբանանի Արագ Ճատրակի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանդիսացաւ Երրորդ

1124_chess-anteliasԿազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 23 նոյեմբերին, Պէյրութի Մաշարիհ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի արագ ճատրակի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի Ա. եւ Բ. դասակարգերու 16 խումբեր:

6 հանգրուաններէ բաղկացած այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի ճատրակի խումբը` իր կազմին մէջ ունենալով Ժիրայր Օգնայեանը, Հրայր Պրունսուզեանը, Յովիկ Թորոսեանը, Էլի Յակոբեանը, Ճիօ Գալուստը, Հրակ Լախեանը եւ խմբապետ Վրէժ Աբրահամեանը:

Պէտք է նշել, որ առաջին անգամ ըլլալով պատանի երկու ճատրակ խաղացողներ միացան խումբին եւ արձանագրեցին շատ տպաւորիչ արդիւնքներ:

Կ՛արժէ նշել նաեւ, որ Ահլի Սայտայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին Հրակ Լախեան հանդիսացաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակը կերտողը, երբ իր արձանագրած հաւասարութեամբ յաղթանակը շրջեց ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի:

Այսպիսով, ՀՄԸՄ արձանագրելով 4 յաղթանակ եւ կրելով 2 պարտութիւն, գրաւեց պատուաւոր 3-րդ դիրքը:

Իր կատարած մրցումներուն, ՀՄԸՄ յաղթեց Քամետ Լոզի (4-2), Խորհրդայիններու խումբին (3,5-2,5), Ահլի Սայտայի (3,5-2,5) եւ Նասըր Պար Էլիասի (3,5-2,5): Խումբը պարտուեցաւ Անդրանիկէն (4-2), եւ ախոյեան հանդիսացած Անսարէն (4,5-1,5): 2-րդ դիրքը գրաւեց Թանմիէ:

ՀՄԸՄ-էն լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց Ժիրայր Օգնայեան, որ 6 մրցումէ ապահովեց 5 կէտ:

Մրցաշարքին գլխաւոր իրաւարարն էր Շըհատէ Ապու Նըմրի, մինչ անոր օգնականներն էին Էլի Հուլիշեան եւ Ռոլան Ախրաս:

 

 

Share this Article
CATEGORIES