Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մի՛ նետուիք այն գործին մէջ, որ փառասիրութիւն կ՛ենթադրէ, ձեր գործին մէջ համեստ եղէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Զարգանալու ձեր փափաքը բնաւ ձեզ չի նեղացներ: Շարունակեցէք նորութիւններ ամբարել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր ապագան ճերմակ եւ մաքուր էջ մըն է, ձեզի կը մնայ զայն լեցնել մաքուր գիրերով:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Երկխօսութիւնը ձեր գործունէութեան կիզակէտը պիտի ըլլայ: Որքան շատ յարաբերութիւն մշակէք, այնքա՛ն լաւ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Լաւ որոշում մը տուած պիտի ըլլաք, եթէ գիտնաք հրաժարիլ ձեր վատ սովորութիւններէն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր մարմինը պէտք ունի առօրեայ մարզանքի: Սկսեցէք պարզ մարզաձեւերով, որոնք կ՛աշխուժացնեն ձեզ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր բարեկամներուն հետ եղած վէճերը: Ասիկա միակ միջոցն է հաշտուելու:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մանուկները ի պատուի են: Անոնց հոգ տարէք եւ մասնակցեցէք ուրախութեամբ` ձեր իրագործումներուն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կրնաք աւելի ծախսել հաճելի ըլլալու համար ձեր շուրջիններուն: Ագահութիւնը անախորժ բնաւորութիւն է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հրապուրելու տեսակէտէն յաջողութիւն պիտի ունենաք: Ձեր բնական հմայքը շատ բան կրնայ ընել, բայց միեւնոյն ատեն պէտք է ըլլաք կոկիկ, խնամուած արտաքինով:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Արտայայտեցէք ձեր նեղութիւնները եւ կասկածները` ձեր մօտիկներուն: Լաւ վերաբերում ունեցէք ձեր շրջապատին հանդէպ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Սիրելի անձին հետ սերտ կապեր կրնան աւելի զօրացնել հաճելի յարաբերութիւններ:

