50 Տարի Առաջ (26 Նոյեմբեր 1964)

Նոթեր Եւ Նետեր

Եռապատկեր Ու Գովերգ

Խղճի Խայթ

Անգլիացի պահեստի գնդապետ մը` պարոն Պլիտ, խղճի խայթէ տառապելուն պատճառով, Նոր Զելանտայէն, ուր հաստատուած է, կը ճամբորդէ մինչեւ Գերմանիա: Այս երկար ու մեծածախս ուղեւորութիւնը կը կատարէ յանուն հոգեկան հանդարտութեան:

Եւ ահա թէ ինչո՛ւ գնդապետ Պլիտ կը տառապէր խղճի խայթէ: Երբ երիտասարդ ենթասպայ էր, 1918-ին կը գտնուէր Գերմանիոյ Պենսպերկ քաղաքը, Համաձայնականներու գրաւման շրջանին: Այդ քաղաքին մէկ յուշարձանին մաս կազմող մետաղէ դափնեճիւղ մը կտրած, հանած ու մօտը պահած է` իբրեւ պատերազմական աւար:

Այս փոքրիկ վանտալութենէն քառասունհինգ տարի ետք ծերունի գնդապետ Պլիտը կը սկսի տառապիլ խղճի խայթէ: Եւ հակառակ որ Գերմանիայէն իր խլածը կեանք մը չէր, կեանքեր չէին, այլ` արձանի մը մաս կազմող կտոր մը մետաղ կ՛ունենայ ներքին տուայտանք անհանդուրժելի: Խիղճ ունեցողին համար եղածը յափշտակութիւն մըն էր, ու խղճի խայթը կը սաստկանար հետզհետէ:

Վերջապէս, գնդապետը կը ներկայանայ Պենսպերկի քաղաքապետին, ու խնդրելով ներողութիւն` ետ կու տայ իր խլած մետաղէ դափնեճիւղը:

Այս լուրը կարդալով` մտածեցի:

Հայերուս համար խղճի խայթ պիտի ունենա՞ն արդեօք թուրքերը, ռուսերը եւ համաձայնականները…

Խղճի խայթ պիտի ունենա՞ն  արդեօք մեր դրացի եղբայրները` վրացիներն ու ազրպէյճանցիները…

Ետ պիտի տրուի՞ն մեր հողերը, մեր հարստութիւնները…

Եւ վերջապէս, եղածովը գոհացող ստրկամիտ հայերը պիտի ունենա՞ն խղճի խայթ` հանդէպ Հայ դատին…

Գնդապետ Պլիտ բացառիկ խղճի տէր անձնաւորութի՞ւն մըն է, անսգիւտ հոգի՞ մըն է… Պիտի չունենա՞յ հետեւորդներ…

Լաւատեսութիւնս լաստ մըն է խարխուլ, որ կը զարնուի հոսանքին մէջ ու եզերքները գտնուող խարակներուն եւ կը վերածուի յոռետեսութեան լաստի:

Ցամաք ելլելու եւ նիզակահարելու է մարդկութեան խիղճը, եթէ գոյութիւն ունի:

Մահացու Տօներ

Տօնական օրերը բազմաթիւ են Ֆրանսայի մէջ: Կան կրօնական ու աշխարհիկ տօներ, որոնք հետզհետէ կ՛աւելնան: Այս ընթացքով, ապագային, տարին 365 օր տօները իրարու պիտի յաջորդեն անդադար: Գոյութիւն պիտի չունենան լուր օրեր, օրեր աշխատանքի: Ֆրանսացիք պիտի գտնուին տօնակատարութիւններու մէջ:

Իւրաքանչիւր տօնի առթիւ մարդիկ մեծ քաղաքներէն կառքերով կ՛երթան գիւղական կամ ծովեզերեայ շրջանները` քանի մը օր անցընելու բնութեան ու բարեկամներու մէջ:

Եւ սակայն, ամէն մէկ տօնի, կառքի արկածներու պատճառով կը մահանան 120-150 հոգի: Արկածամահ եղողներուն տարեկան գումարն է 2000-2500 անձ: Եւ այս թիւը միշտ կ՛աւելնայ: Կան տակաւին բազմահազար վիրաւորներ:

Եւ հիմա տօները կոչուած են «մահացու»:

Ս. Ծնունդը մահացու տօն մըն է: Ի՞նչ հակասութիւն:

Նոր տարին, հակառակ բարեմաղթութիւններու իր ողողումներուն, չափազանց մահացու տօն մըն է:

Զատիկը, հակառակ յարութեան տօն ըլլալուն, մահացու է:

Արձակուրդի շրջանը, հակառակ հանգիստի ու առողջապահական ամիս մը ըլլալուն, մեծապէս մահացու է:

Մեռելոցը անտարակոյս մահացու է` ըլլալով միացում մեռեալներուն մօտ:

Եւ դեռ` բազմաթիւ տօներ:

Որպէսզի տօները դադրին մահացու ըլլալէ, մարդիկ նմանելու են աղքատներուն, որոնք ո՛չ սեփական կառք ունին, ո՛չ շոգեկառքի տոմսակ գնելու կարողութիւն, ո՛չ պանդոկներու մէջ իջեւանելու եւ ճաշարաններու մէջ ճաշելու համար պիւտճէ:

Ողջ մնալու համար մնացած է մէկ միջոց` աղքատութիւնը կամ աղքատի կեանք ապրիլը:

Աղքատները, որոնք զրկուած են տօնական տեղափոխութիւններէ, օդափոխութիւններէ, ճամբորդութիւններէ, կը մխիթարուին մտածելով.

– Թէեւ զրկուած ենք մարմնական ու հոգեկան հաճոյքներէ, բայց գոնէ մեր մարմինը վիրաւոր չէ, իսկ մեր հոգին մնացած է իր տեղը, չէ չուած դէպի Վերին Երուսաղէմ: Հաւաքաբար աղաղակենք:

– Փա՜ռք Քեզ Աստուած, փա՜ռք Քեզ, որ աղքատները աղքատ կը պահես, բայց կը պահպանես:

 

Ալքոլամոլութեան Դէմ
Գինեմոլութիւն

Շուէտի կառավարութիւնը ալքոլամոլութեան դէմ պայքարած է` յանձնարարելով գինեմոլութիւն: Եւ յաղթական է կառավարութիւնը կամ գինեմոլութիւնը:

Քանի մը տարիներէ ի վեր ֆրանսական կառավարութիւնները կը պայքարին ալքոլամոլութեան դէմ` յանձնարարելով ժողովուրդին, որ խմէ կաթ կամ մրգաջուր: Պայքարը չարձանագրեց յաղթանակ: Մինչդեռ Շուէտի կառավարութիւնը գտնուած է գործնական: Գոհացած է ժողովուրդին գինեմոլութեամբ: Շուէտացիները փոխանակ գործածելու 45-50 աստիճան ունեցող ոգելից ըմպելիներ, ներկայիս կը գործածեն 11-12 աստիճան ունեցող գինի: Չափազանց աւելցած է սպառումը գինիի` պակսելով սպառումը թունդ ալքոլ պարունակող ախորժաբերներուն ու մարսողականներուն:

Շուէտի կառավարութիւնը վաղն ալ կրնայ նոր պայքարի մը սկսիլ` յանձնարարելով, որ գինին փոխեն գարեջուրի:

Ներկայիս Շուէտի ըմպելարանները վերածուած են գինետուներու, որոնց ճակատին վրայ արձանագրուած է սա ոտանաւոր երկտողը.

Ո՛վ որ մարդ է իմաստուն,
Նա կը մտնէ գինետուն:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES