«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Թէլ Զաաթարի Կռիւները Եւ Նապաայէն Յարձակում` Պուրճ Համուտի Ուղղութեամբ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

15253401774_61b5613ab4_oՊէյրութի եւ շրջակայքի կռիւներուն զուգահեռ, զանազան ռազմաճակատներ բացուած էին հիւսիսային Լիբանանի մէջ, Պաթրունէն մինչեւ Թրիփոլի եւ Քուրա:

Պաղեստինցի 10 հազար զինեալներ երկուշաբթի, 5 յուլիս 1976-ին յարձակեցան Շեքքայի, Ամիունի եւ Քուրայի գիւղերուն վրայ եւ մեծ յառաջխաղացք արձանագրեցին: Շեքքա ինկաւ պաղեստինցիներու հակակշիռին տակ, իսկ Քուրայի 18 գիւղեր մնացին ղովմիներուն ձեռքը:

Փաղանգաւորները նեղ կացութեան մատնուած, զղարթացիներու օգնութեան դիմեցին, որմէ ետք զղարթացի երկու հազար միլիսներ իջան Պշարրէէն եւ Քոսպայի ճամբով բուռն յարձակումներ տարին բոլոր գիւղերուն մէջ, ուր պաղեստինցի եւ ղովմի միլիսներ անշարժացուցած էին բնակչութիւնը:

Երկօրեայ գիրկընդխառն կռիւները ցնցեցին հիւսիսային Լիբանանի բոլոր շրջանները: Աւելի քան վեց հարիւր զոհեր տալով հանդերձ, զղարթացիք շարունակեցին խորտակել բոլոր խոչընդոտները, յառաջանալով դէպի Շեքքա:

Շեքքայի մէջ բազմաթիւ գործարաններ քանդուեցան, վնասուեցան եւ անգործածելի դարձան: Ծանր կորուստներ տալէ ետք պաղեստինցիք նահանջեցին եւ նոր ճակատներ բացին Թրիփոլի-Զղարթա գիծին վրայ, ցրուելու համար հակառակորդ ուժերը եւ մեղմացնելու անոնց ճնշումը:

Էնֆէն բուռն ռմբակոծումի ենթարկուեցաւ, բայց դիմադրեց, իսկ Ռաս Մասքա աւերակի վերածուեցաւ: Պըթման գիւղին մէջ գիրկընդխառն կռիւներէ ետք ղովմիները յանձնուեցան զղարթացիներուն: Զղարթացիք գրաւեցին նաեւ Պսերման եւ Պտետան եւ այնուհետեւ` Պալամանտի վանքը եւ շրջակայքը: Էնֆէի մէջ պաշարուած պաղեստինցիք բուռն կերպով դիմադրեցին եւ ռմբակոծեցին Թրիփոլին:

Զղարթայէն մեծ թիւով զինեալներ մտան Միրիաթա, ուրկէ ռմբակոծեցին Մինան եւ Թրիփոլին: Պաղեստինեան երկու գաղթակայանները` Նահր Պարէտ եւ Պատտուի եւս բուռն կերպով ռմբակոծուեցան: Փաղանգաւորներ յուլիս 11-ին գրաւեցին Էնֆէն:

***

Թէլ Զաաթար կորսնցուցած էր իր պաշտպանողական վերջին գիծերը: Ամէն կողմէ կը տեսնուէր հրդեհներէն բարձրացող ծուխը, որ հովը կը տանէր հեռուները:

Թէլ Զաաթարի ստորերկրեայ ապաստանարանները արդէն լեցուն էին վիրաւորներով. կային առնուազն չորս հազար ծանր վիրաւորներ, իսկ կռուողներու շարքերը հետզհետէ կը նոսրանային: Մինչեւ յուլիս 12 ինկած էր 1400 զոհ:

Երեքշաբթի, 13 յուլիսին փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական պիւրոյի անդամ եւ պատերազմական խորհուրդի նախագահ Ուիլիըմ Հաուի Թէլ Զաաթար գնաց, անձնատուր եղող լիբանանցի եւ պաղեստինցի գերիները դիմաւորելու համար, սակայն արձակազէնի մը փամփուշտը զգետնեց զինք: Հաուի տեղն ու տեղը մահացաւ:

Հակամարտող երկու կողմերն ալ կը գիտակցէին, թէ վճռական յարձակում մը կրնար որեւէ ժամանակ նուաճել պաշտպանողներու վերջին դիրքերը: Բայց այդպիսի յարձակում մը շատ մեծ թիւով զոհեր կրնար խլել. հետեւաբար փաղանգաւորները կը նախընտրէին ռմբակոծումներու եւ յանկարծական ու սահմանափակ յարձակումներու մարտավարութիւնը:

Գաղթակայանին մէջ մնացող ֆետայիները յոգնութեան նշաններ ցոյց կու տային, մինչ Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչներ ի զուր կը սպասէին անձնատուութեան նոր պարագաներու: Ուիլիըմ Հաուիի սպանութենէն ետք անձնատուութեան գործողութիւնները դադրած էին, մինչ արձակազէններ գործի անցած էին, անշարժացնելու համար դիրքերէն դուրս ելլողները:

Փաղանգաւորները նոր ուժեր համախմբեցին գաղթակայանին շուրջ եւ յուլիս 18-ին 800 կռուողներով եւ հրասայլերով յարձակման անցան. պաշարումը աւելի սեղմուեցաւ եւ նոր հրդեհներ ծագեցան:

***

Նապաայի մէջ կեդրոնացած զինեալ տարրերը յաճախ գրգռութիւն կը ստեղծէին, իսկ 17 յուլիս 1976-ին Պէյրութի «Մուհարրէր», «Սաֆիր» եւ «Նահար» օրաթերթերուն մէջ լոյս տեսաւ «Նապաայի կեդրոնական հրամանատարութեան» կողմէ ստորագրուած յայտարարութիւն մը, ուղղուած Լիբանանի հայկական կուսակցութիւններուն: Իր կարգին, Լիբանանի հայ կուսակցութեանց համախմբումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, ուր կ՛ըսուէր.

1.- Վերոյիշեալ յայտարարութեան մէջ նշուած դէպքերը, անոնց տրուած մեկնաբանութիւնները եւ հայ կուսակցութիւններուն վերագրուած քաղաքականութիւնը չեն համապատասխաներ իրականութեան:

2.- Հակամարտ կռուող կողմերու համաձայնութեամբ Պուրճ Համուտի կամուրջէն մինչեւ Տորա երկարող գօտին յանձնուած էր հայ զինեալ պահակներու հսկողութեան, պայմանաւ որ երկուստեք զինեալ թափանցումներ չկատարուին:

3.- Այդ համաձայնութեան շնորհիւ շրջանին խնայուեցան եղբայրասպան կռիւները, եւ իսլամ-քրիստոնեայ զանգուածներ ցարդ կարողացան կատարեալ համերաշխութեան մթնոլորտի մէջ ապրիլ իրարու հետ:

4.- Տասը ամիսներէ ի վեր հայ զինեալ պահակները անշեղ կատարեցին իրենց վստահուած պարտականութիւնը, հակառակ երկու կողմերուն պատկանող անպատասխանատու տարրերուն զինեալ թափանցումի բազմաթիւ փորձերուն եւ գրգռութիւններուն: Այդ միջադէպերու ընթացքին 22 հայ պահակներ իրենց կեանքը զոհեցին պարտականութեան ճամբուն վրայ եւ մեծ թիւով ուրիշներ վիրաւորուեցան:

5.- Վերոյիշեալ համաձայնութեան, բայց մանաւանդ համաձայնութիւնը յարգել տալու համար եղած հայկական զոհողութեանց շնորհիւ, Նապաայի շրջանը դէպքերու սկիզբէն մինչեւ այսօր կարողացաւ կանոնաւոր կերպով պարենաւորուիլ սննդանիւթով եւ դեղորայքով:

6.- Լիբանանեան տագնապին սկիզբէն, հայ կուսակցութիւնները կարողացան, կռուող կողմերու խնդրանքներուն ընդառաջելով` հազարէ աւելի պատանդներ, առանց դաւանական խտրութեան, ստոյգ մահէ ազատել, եւ փոխանակութիւնները կատարուեցան հայ ակումբներուն մէջ: Նոյնպէս, կռուող կողմերու եւ կամ քաղաքային բնակչութեան պատկանող 200 վիրաւորներ բժշկական խնամք ստացան եւ կամ հիւանդանոց փոխադրուեցան հայ պահակներու կողմէ` յաճախ կեանքը վտանգելով, երբ կռուող կողմերը անկարող էին մարդկային այդ տարրական պարտականութիւնը կատարելու, եւ այդ առանց որեւէ խտրութեան:

***

15875657845_bf845d4b00_oՊաղեստինի Ազատագրութեան ժողովրդավարական ճակատի զինեալներու գրգռութեան հետեւանքով երկուշաբթի, յուլիս 19-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին միջադէպ մը պատահեցաւ Նոր Կիլիկիա թաղին մէջ: Ակումբ բանալու պատրուակով հայ զինեալ տղոց հանդէպ ցուցաբերուած թշնամական վերաբերումը լարուածութիւն յառաջացուց եւ բախումի վերածուեցաւ:

Նապաայի շրջանի պատասխանատուներու եւ հայկական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու միջեւ շփումներ հաստատուեցան եւ կարելի եղաւ զինադուլի մը շուրջ համաձայնիլ: Սակայն զինադուլի առաջին համաձայնութիւնը չյարգուեցաւ եւ բախումները շարունակուեցան մինչեւ ժամը 5:30, երբ կնքուեցաւ երկրորդ զինադուլ մը, որ յարգուեցաւ երկու կողմերէն:

Բախումներուն ընթացքին հայ պահակ տղաքը տուին 15 վիրաւոր: Նաեւ` եօթը հայեր թեթեւ վէրքեր ստացան:

Զինադուլի համաձայնութենէն ետք, նապաացի եւ հայ պատասխանատուները ժողով մը գումարեցին Թրատի Նիկոլ Դուման ակումբին մէջ, գոյութիւն ունեցող թիւրիմացութիւնները փարատելու համար:

Մինչ այդ, ապահովական կացութեան վատթարացման պայմաններուն տակ, Արագած, Սիս եւ Թրատ թաղերու հայ բնակչութեան մեծամասնութիւնը հեռացած էր իր տուներէն եւ Նոր Մարաշ, Կիլիկիա եւ այլ թաղերու իրենց ազգականներուն կամ բարեկամներուն մօտ ապաստան գտած էր:

Պաղեստինցի ֆետայիները շարունակեցին խախտել զինադուլը: Երեքշաբթի, 20 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 5:10-ին, մինչ հաշտարար խառն յանձնախումբը ժողով կը գումարէր Նիկոլ Դուման ակումբին մէջ, պաղեստինցի զինեալ տարրերը գրգռիչ ելոյթներ ունեցան, ակումբի շրջապատին մէջ վիրաւորելով պահակ տղոցմէ մէկը: Հայ տղաքը անմիջապէս հակադարձեցին: Մէկ ժամ տեւող ընդհարումէ ետք, կարելի եղաւ զինադուլը վերահաստատել: Հայ պահակ տղաքը տուին չորս թեթեւ վիրաւոր:

Յաջորդ օր, չորեքշաբթի, 21 յուլիսին, յետմիջօրէի ժամը 3:45-ին Նիկոլ Դուման ակումբը թիրախ դարձաւ Նապաայէն արձակուած Էր.Փէ.Ժէ. հրթիռներու: Ինքնապաշտպանութեան նպատակով, հայկական դիրքերը հակազդեցին:

Բոլոր ճակատները միաժամանակ բռնկեցան: Պուրճ Համուտի երկաթուղագիծին ամբողջ տարածքին գտնուող հայկական դիրքերուն վրայ բացուած բուռն կրակոցներ անպատասխան չմնացին:

Նապաայի զինեալները միաժամանակ յարձակումի անցան Սիսի Ազիրեան եւ Արագածի Դրօ ակումբներուն վրայ: Անոնք փորձեցին Ազիրեան ակումբին պատը քանդել:

15873662301_867128b3a4_oԴրօ եւ Ազիրեան ակումբներու իրենց ընկերներուն օգնութեան փութալու մտահոգութեամբ, հայ զինեալ տղաքը յարձակողականի անցան:

Ժամեր տեւող ընդհարումներու ընթացքին հայ տղաքը դիմադրական բացառիկ կորով ցուցաբերեցին, պաշտպանելով հայահոծ թաղերը եւ ձախողութեան մատնելով գրոհները բոլոր ճակատներուն վրայ: Հայ տղաքը տուին վեց վիրաւոր:

Նոյն միջոցին զինադուլ կնքելու դիմում կատարուեցաւ հայկական կազմակերպութեանց համակարգիչ մարմինին: Կէս գիշերուան ժամը 12:00-ին զինադուլի համաձայնութիւն մը գործադրութեան յանձնուեցաւ: Այնուհետեւ, ժամը 2:00-ին Նիկոլ Դուման ակումբին մէջ համակարգիչ մարմինը ժողովի հրաւիրեց կողմերը, անտեղի գրգռութիւններուն եւ հայահոծ թաղերու անվտանգութեան հարցին արմատական լուծում մը գտնելու դիտաւորութեամբ:

Ժողովը տեւեց մինչեւ առտուան ժամը 4:00, որուն ընթացքին ներկաները որոշեցին ճիգ թափել իրենց բարեկամական կապերը ամրապնդելու եւ անկարգ տարրերու գրգռութեանց առաջքը առնելու համար:

Նշենք, որ բախումներու ընթացքին Թրատի շրջանէն իսլամ ընտանիքներ Նիկոլ Դուման ակումբ ապաստանեցան, կրակոցներուն զոհ չերթալու համար:

Զինադուլի համաձայնութենէն ետք Նապաայի կազմակերպութիւնները պահանջեցին անոնց վերադարձը, բայց կարգ մը ընտանիքներ նախընտրեցին գիշերել ակումբին մէջ: Անոնք խոր երախտագիտութիւն յայտնեցին իրենց հանդէպ ցուցաբերուած գուրգուրանքին համար:

Այդ օր, յուլիս 22-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Նապաայի շրջանին մէջ, հայկական թաղերու պաշտպանութեան պարտականութեան ճամբուն վրայ նահատակուեցաւ Սարգիս Ֆուճուրեան:

Նոյն օրը Թրատ թաղին մէջ ռումբի մը պայթումին հետեւանքով զոհուեցաւ Սիմոն Մարսուպեան:

Այդ օր Արագածի Դրօ ակումբին մէջ հայ պատասխանատուները եւ Նապաայի կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները մէկտեղուեցան եւ որոշեցին վերջ տալ հանդիպակաց պատնէշներու երեւոյթին, որպէսզի զինեալները ամէնօրեայ հակադրութեան մէջ չըլլան իրարու հետ:

***

15688145268_c1f0769231_oՊուրճ Համուտի կռիւներուն եւ ծանրակշիռ պայմաններուն անդրադառնալով, «Ազդակ», 23 յուլիս 1976-ի թիւով եւ «Որպէսզի կարենանք յոյսը փրկել» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.

«Թող յստակ ըլլայ բոլորին համար. Պուրճ Համուտի հայութիւնը կռուի դաշտ նետուած չէ՛, նոյնիսկ երբ իր երիտասարդները զէն ի ձեռին իջած են փողոց…

Տասնըվեց ամիսներու մեր անշեղ կեցուածքը բաւարար ապացոյց պէտք է նկատուի այս իմաստով: Լիբանանեան անհեթեթ պատերազմին մէջ մեր ժողովուրդը կողմ չէ՛, որովհետեւ կը մերժէ ակամայ գերին դառնալ անիմաստ արիւնահեղութեան մը մոլուցքին:

Իսկ եթէ Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջանին մէջ մեր երիտասարդները զէնք կը վերցնեն ու արդար կռիւ կը մղեն, թոյլ պիտի չտանք, որ ատիկա քարոզչականօրէն շահագործուի պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսացողներէն:

… Մեզի համար ցաւալի է հաստատել, որ հայ տղաք այսօր կը ստիպուին զէնք բարձրացնել Նապաայի իրենց դրացիներուն դէմ: Կը ստիպուին` որովհետեւ այլապէս պիտի չուզէին վտանգել կեանքը ա՛յն լիբանանցիներուն եւ պաղեստինցիներուն, որոնց տեւաբար օգնութեան ձեռք երկարեցին քաղաքացիական պատերազմի օրհասական ժամերուն:

Պէտք կա՞յ ըսելու, որ ամբողջ տասնըվեց ամիս Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջանը շնչառութեան միակ ելքը եղաւ Նապաայի համար, թէ՛ սննդանիւթի եւ թէ բժշկական-մարդկայնական հայթայթումներու իմաստով:

Նոյնպէս` պէտք կա՞յ ըսելու, որ հայահոծ շրջաններու շնորհիւ հակամարտ կողմերը կրցան գոյակցութեան որոշ ձեւ մը գտնել Պուրճ Համուտի մէջ, միշտ օգտուելով մեր հաշտարար պատրաստակամութենէն:

Այո՛, պէտք է յիշեցնել այս բոլորը, որովհետեւ ըստ երեւոյթին անկարգ ու մութ տարրեր կ՛ուզեն անգիտանալ մեր դրական կեցուածքը եւ թունաւորել շրջանի մթնոլորտը:

Ժամանակն է որ իրե՛նք, Պաղեստինեան Դիմադրութեան ու լիբանանեան Ազգային Շարժումի ղեկավարները անդրադառնան որ իրենց պատասխանատու թէ շարքային զինեալները կամայ թէ ակամայ ամէն գնով կը փորձեն հարուածել մեր դրական չէզոքութիւնը:

Այլապէս, ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել տակաւին երէկ հայահոծ Արագած, Սիս եւ Նոր Ատանա թաղամասերու գրեթէ ամբողջական պարպումը հայ բնակիչներէ: Ի՞նչ ընելու համար նապաացի զինեալ տարրեր կը հաստատուին հայահոծ թաղերու մէջ եւ անտեղի ու խիստ քննութեան կ՛ենթարկեն թաղեցիներու նոյնիսկ գործատեղի – տուն շրջագայութիւնը: Ի խնդիր դրական չէզոքութեան` մենք հանդուրժեցինք նաեւ այդքանին: Բայց երբ կողմնակալութեան անհիմն ամբաստանութիւններով մեր ակումբներն ու դիրքերը ուղղակի յարձակումի կ՛ենթարկուին, այդ պարագային ինքնապաշտպանութենէն դուրս ելք չի մնար մեր առջեւ»:

***

Հակառակ Պուրճ Համուտ-Նապաա գիծին վրայ զինադուլը ամրապնդելու աշխատանքներուն, ուրբաթ, 23 յուլիսին Պուրճ Համուտի թաղերը սաստիկ ռմբակոծումի ենթարկուեցան:

Փաղանգաւոր միլիսները այդ օր Պուրճ Համուտը եզերող անցքերէն զօրաւոր յարձակողականի մը ձեռնարկեցին Նապաայի ուղղութեամբ, ինչ որ աւելի վատթարացուց կացութիւնը:

Մարաշ-Արագած-Սիս-Թրատ-Ամանոս թաղերը անխնայ ռմբակոծուեցան: Մանաւանդ Նոր Մարաշի Սարդարապատ ակումբի շրջակայքը կեդրոնացած ռմբակոծումի թիրախ դարձաւ: Աւելի քան ութ ծանր ռումբեր ինկան ակումբը շրջապատող շէնքերուն վրայ, ամբողջովին աւերելով կարգ մը յարկաբաժիններ: Եօթ տարեկան հայ տղեկ մը զոհուեցաւ եւ 34 ուրիշներ վիրաւորուեցան:

Հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ կատարուած մարդորսութեան կամ հրացանաձգութեան հետեւանքով պահակ տղաքը տուին հինգ վիրաւոր:

Նապաայի եւ հայ պատասխանատուներուն միջեւ շփումները դադար չունեցան եւ երեկոյեան ժամը 6:30-ին զինադուլի գործադրութեան տարազ մը գտնուեցաւ, որ ժամը 7:00-էն սկսեալ կիրարկուեցաւ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )