Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Մեկնարկեց «Web Ծիրան» Համահայկական
4-րդ Առցանց Շարժապատկերի Փառատօնը
«Ոսկէ ծիրան» Երեւանի միջազգային շարժապատկերի փառատօնը եւ Webtv.am մշակութային առցանց պատկերասփիւռի կայանը, «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» ընկերութեան գլխաւոր հովանաւորութեամբ, սկսաւ «Web Ծիրան» համահայկական չորրորդ առցանց փառատօնը: Անիկա սկսաւ 18 նոյեմբերին եւ պիտի աւարտի 25 փետրուարին:
«Արդէն չորրորդ անգամն ըլլալով «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը կը հովանաւորէ «Web Ծիրան» համահայկական առցանց շարժապատկերի փառատօնը: Մշակութային կարեւոր այս իրադարձութեան շնորհիւ հանրութեան դատին կը ներկայացուին շարժապատկերի երիտասարդ արտադրողներու աշխատանքները: Փառատօնը սկսնակ բեմադրիչներուն կու տայ առիթ` առանց ֆինանսական մեծ ներդրումներու իրենց ժապաւէնները հանդիսատեսին ներկայացնելու եւ զանոնք կ’ազատէ հովանաւորներ փնտռելու, ինչպէս նաեւ արտերկիր մեկնելու անհրաժեշտութենէն: Այս կարեւոր նախաձեռնութեան շնորհիւ` տարբեր երկիրներու սիրողական ժապաւէն արտադրողներուն կը տրուի եզակի բեմ` իրենց տաղանդը բացայայտելու, ճանաչում ձեռք բերելու եւ արտադրողներու ուշադրութիւնը իրենց աշխատանքերուն վրայ հրաւիրելու: Հաւատարիմ մնալով մշակութային նախաձեռնութիւններուն մէջ երիտասարդութեան աջակցելու քաղաքականութեան` «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը յաջողութիւն կը մաղթէ երիտասարդ հայ ժապաւէն արտադրողներուն` իրենց ծրագիրներու իրականացման իմաստով», ըսած է «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:
Փառատօնի մասնակիցներուն համար սահմանուած է 1 գլխաւոր եւ 2 խրախուսական մրցանակ: Գլխաւոր մրցանակակիրը պիտի պարգեւատրուի 400,000 դրամով (շուրջ 930 տոլար) եւ յատուկ վկայագիրով, իսկ միւս մրցանակակիրները` յատուկ վկայագիրով: Ինչպէս գլխաւոր, այնպէս ալ խրախուսական մրցանակակիրները պիտի ստանան նաեւ նկարահանող մասնագիտական սարքերէ 10 օր անվճար օգտուելու հնարաւորութիւն:
Ամէնէն աւելի դիտուած ժապաւէնը պիտի արժանանայ «Համակրանք» խրախուսական մրցանակի, նաեւ` յատուկ վկայագիրի:
«Web Ծիրան» 4-րդ համահայկական առցանց շարժապատկերի փառատօնին արդիւնքները պիտի հրապարակուին 25 փետրուար 2015-էն 5 մարտ` յատուկ մրցանակաբաշխութեան ժամանակ: Արդիւնքները պիտի ամփոփէ արհեստավարժ դատական կազմը:
«Web Ծիրան» 4-րդ համահայկական առցանց շարժապատկերի փառատօնին ներկայացուած ժապաւէնները պիտի ցուցադրուին բացառապէս webtv.am հայկական մշակութային առցանց պատկերասփիւռի կայանէն:
Փառատօնին կրնան ներկայացուիլ մինչեւ 30 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէններ` առանց ոճային (խաղարկային, վաւերագրական, գծանկարային եւ այլն) սահմանափակումներու:
«Web Ծիրան» համահայկական 4-րդ փառատօնին մէջ ներառուելու համար ժապաւէնները պէտք է ներկայացնել խտասալիկի վրայ` «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնի գրասենեակ, 3 դեկտեմբեր 2014-էն մինչեւ 25 յունուար 2015 (գրասենեակի հասցէն` Երեւան 0001, Մոսկովեան 3, հեռ. +374 10 52 10 42 ): Մանրամասնութեան համար կարելի է կապուիլ [email protected] ելեկտրոնային հասցէին:
Էջմիածինի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Ցեղասպանութեան
Նահատակներու Սրբադասման Արարողութիւն
23 ապրիլ 2015-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման արարողութիւնը: Այս որոշումը տրուած է նախորդող օրերուն գումարուած եպիսկոպոսաց ժողովին: Մեր եկեղեցւոյ բարձրագոյն իշխանութեան մարմինը նաեւ ընդունած է փաստաթուղթերու թղթածրարը, որով մկրտութեան ծէսը պէտք է միօրինակ ըլլայ հայ առաքելական բոլոր եկեղեցիներուն համար: Մկրտուողներուն համար պատրաստուած է նաեւ ուսուցողական ծրագիր:
Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ վերջին սուրբը Մովսէս Տաթեւացին է` 17-րդ դարուն: Դարերու ընդմիջումէն ետք մեր եկեղեցական տօնացոյցին մէջ փոփոխութիւն պիտի կատարուի: Եպիսկոպոսաց ժողովը քննարկած եւ որոշած է 23 ապրիլ 2015 թուականին սրբադասել Հայոց ցեղասպանութեան նահատակները: Կը պատրաստուի անոնց յիշատակման համար անհրաժեշտ բաղադրիչները` շարական, սրբապատկեր, վկայաբանութիւն:
Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ եպս. Խաչատրեան յայտնած է, որ 400 տարի մեր եկեղեցին ոչ թէ սուրբեր չէ ունեցած, այլ սրբադասում չէ կատարուած: Աւանդութեան համաձայն, սրբադասում կատարուած է 2 ճամբով` կաթողիկոսական կոնդակով կամ ժողովուրդի պահանջով ու խնդրանքով: Սրբադասման յստակ արարողակարգ յայտնի չէ, բայց կան անհրաժեշտ պայմաններ:
«Անձը պէտք է քրիստոնէական հաւատքով, նուիրումով, սխրանքով ապրած լինի: Երկրորդ` կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած լինի եկեղեցու զարգացման, առաքելութեան իրականացման ճանապարհին: Երրորդ` պէտք է նահատակուած լինի հաւատքի համար: Չորրորդ` պէտք է համաժողովրդական, համաեկեղեցական ընդգրկումի սպասում առաջացած լինի իր անձի նկատմամբ: Դա չի նշանակում, որ ոեւէ մէկն այս 4 պայմանները պէտք է միաժամանակ բաւարարի: 4 պայմաններից իւրաքանչիւրն էլ բաւարարելու դէպքում սրբադասում կատարւում է», յայտնած է Արշակ եպս. Խաչատրեան:
Եկեղեցական տօնացոյցին մէջ 24 ապրիլը պիտի նշուի որպէս Ցեղասպանութեան ընթացքին հայրենիքի ու հաւատքի համար նահատակուածներու յիշատակութեան օր: Արշակ սրբազանին համաձայն, սրբադասումը հաւաքական է, նահատակներու թիւ պիտի չնշուի:
Ի պատասխան այն դիտարկման, թէ Ցեղասպանութեան զոհերուն մէջ նաեւ այլադաւաններ ու անհաւատներ եղած են, եւ հիմնականին մէջ յստակ չեն անոնց կեանքի մանրամասնութիւնները, դիւանապետը յիշեցուցած է` «անմեղ մարդ չկայ, Քրիստոսի առաքեալներն էլ հաւատքի մէջ երբեմն տատանուել են»:
«Մենք որոշակիութիւն չենք մտցնում նրա մէջ, որ բոլոր նահատակուածները սրբադասւում են: Մենք ասում ենք` բոլոր նահատակուածները, ովքեր նահատակուեցին հաւատքի եւ հայրենիքի համար: Երկրորդ, երբ մենք ասում ենք` նահատակութիւնն ուղեկցուել է հաւատքի խոստովանութեամբ, հաւատքը փոխելու պահանջի դիմակայութեամբ, մենք արդէն երկրորդական ենք համարում, թէ նախորդ շրջանում մարդն ինչպիսի կեանքով է ապրել: Կարեւոր է դառնում, որ ինքն իր հաւատքը խոստովանեց իր արեամբ եւ իր մահով», յայտնած է Արշակ եպս. Խաչատրեան:
«Հասարակական մեծ հնչեղութիւն ստացած ցանկացած հարց քաղաքական որոշակի երանգ պարունակում է», դիտել տուած է Արշակ եպիսկոպոս: Սրբադասումը եւս պիտի ունենայ քաղաքական արձագանգներ, բայց եկեղեցւոյ խնդիրը ի սկզբանէ քաղաքական չէ:
«Սրբադասման արարողութիւնը հոգեւոր քայլ է: Որոշակի քաղաքական ազդեցութիւն պիտի գործի, քաղաքական մեկնաբանութիւններ տրուեն, բայց դա չէ, բնականաբար, մեր առաջին մտահոգութիւնն ու նպատակը»:
Այսպիսով, մեր եկեղեցւոյ մէջ պիտի վերականգնի սրբադասման` շուրջ 400 տարի առաջ ընդհատուած աւանդութիւնը: Յանձնախումբը պիտի ուսումնասիրէ նաեւ անհատական սրբադասման կարգը` նկատի ունենալով Կոմիտաս վարդապետն ու այլ անհատներ:
Մայր Աթոռը Օգնած Է 150 Սուրիահայ
Ընտանիքներու
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ընկերային ծառայութիւնը, «Աջակցութիւն կարիքաւոր եւ անապահով ընտանիքներին» ծրագիրի ծիրին մէջ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի օծման եւ գահակալութեան 15-ամեակին առիթով, 4-19 նոյեմբերին նիւթական օգնութիւն տրամադրած է Հայաստան ապաստանած սուրիահայ 150 ընտանիքներու:
Ըստ Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգին, նոյն ծրագիրով դրամական եւ նիւթական օգնութիւն յատկացուած է Հայաստանի տարբեր մարզերէն 70 առաւել անապահով բազմազաւակ ընտանիքներու, ուսանողներու, հաշմանդամներու եւ միայնակ մայրերու:
Ձեռնարկ` Նուիրուած Մուշեղ Իշխանի
100-Ամեակին
Նոյեմբեր 20-ին Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի գեղարուեստական կրթութեան բաժանմունքի մեծ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ԵՊՄՀ-ի եւ Երեւանի Մուշեղ Իշխանի անուան դպրոցի միացեալ ձեռնարկ` նուիրուած Մուշեղ Իշխանի 100-ամեակին: Նախաձեռնութեան մասնակցեցաւ նաեւ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան:
Ներկաներուն փոխանցելով սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը, շնորհաւորանքը եւ շնորհակալութիւնը` նման կարեւոր մշակութային ձեռնարկի կազմակերպման համար, Ս. Սրապիոնեան ներկայացուց Մուշեղ Իշխանի կեանքն ու ստեղծագործութիւնը:
Ելոյթ ունեցաւ ԵՊՄՀ-ի փրոֆեսէօր, գրականագէտ Սուրէն Դանիէլեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարութեան ու անձամբ նախարարին` սփիւռքի նշանաւոր անհատները մեծարելուն, նման նախաձեռնութիւններու յատուկ ուշադրութիւն դարձնելուն եւ անոնց աջակցելուն համար:
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ
Տեղի Ունեցաւ «Կեսարիոյ Նախճիրները» Խորագիրով
Գիրքին Շնորհահանդէսը
Նոյեմբեր 7-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ կայացաւ Սօսի Ղազարեան-Գէոնեանի խմբագրութեամբ, Հայկ Ղազարեանի յուշագրութեան` «Կեսարիոյ նախճիրները» խորագրով գիրքին շնորհահանդէսը:
Սօսի Ղազարեան-Գէոնեանի պապը` սուրիահայ գրող, հրապարակախօս, լրագրող Հայկ Ղազարեան, իր զաւակներուն պատմած է եւ մասամբ ալ գրի առած է 1915-1922 թուականներուն Կեսարիոյ մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան եւ հայերու գաղթին վերաբերող իր յիշողութիւնները:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ան բարձր գնահատած է գիրքին լոյս ընծայումը` նշելով. «Մեր Դատի, մեր ցաւի, մեր ճիչի մասին է այս գիրքը: Շնորհակալ եմ, սիրելի՛ Սօսի, որ կրելով հայ կնոջ ճակատագիրը, դեգերելով երկրէ երկիր, ի վերջոյ որոշեցիր հաստատուիլ հայրենիքի մէջ եւ այսօր արդէն Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն կը ներկայացնես աղբիւրագիտական նշանակութիւն ունեցող մեծ հօրդ յուշագրութիւնը: Այսօր մենք գրեթէ չունինք վերապրողներ, բայց ունինք վերապրողներու ընտանիքներ եւ պարտաւոր ենք հաւաքել, ամբողջացնել բոլոր յուշագրութիւնները եւ բանաւոր զրոյցները 20-րդ դարասկիզբի մեծ ոճիրին մասին», ընդգծած է նախարարը: Ան աւելցուցած է, որ հայ ժողովուրդին համար կարեւոր զէնքերէն մէկը պատմական յիշողութիւններն են, որոնք անհրաժեշտ են թարգմանելով ներկայացնել այլ ժողովուրդներու:
Նախարարը ուրախութեամբ շեշտած է, որ այս աշխատութիւնը Սօսի Ղազարեան-Գէոնեանի 10-րդ գիրքն է, եւ համոզմունք յայտնած է, որ հետագային եւս հեղինակը հանդէս պիտի գայ նորանոր աշխատանքներով:
Բարձր գնահատելով Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ բարեգործական, հասարակական գործունէութիւնը եւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման շրջանակներուն մէջ ունեցած աւանդը` նախարար Հրանուշ Յակոբեան Սօսի Ղազարեան-Գէոնեանը պարգեւատրեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Պօղոս Նուպար» մետալով:
Այնուհետեւ, «Կեսարիոյ նախճիրները» գիրքի պատմական արժէքին մասին զեկուցումով հանդէս եկած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը: Ան նշած է. «Հայկ Ղազարեանի յուշերը կարդալով եւս մէկ անգամ տեսանելի կը դառնայ, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ պետական իշխանութիւններուն կողմէ ծրագրուած եւ հետեւողականօրէն իրականացուած ծրագիր էր»:
Գիրքի բանասիրական արժէքին մասին խօսած է սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը: Ան նշած է, որ գիրքը շարադրուած է բացառիկ մաքուր արեւմտահայերէնով: «Երկար տարիներ աշխատելով իբրեւ լրագրող` Հայկ Ղազարեան իր յուշերը շարադրած է գիրքի տեսքով եւ նուաստացումներու մէջէ անցած մտաւորականի յուշերուն մէջ մաղձը տեղ չէ գտած, այլ ամփոփուած է միայն ցաւը: Հայկ Ղազարեանի նման անհատականութիւններու շնորհիւ կը պահպանուի մեր ժողովուրդի մարդկային նկարագիրը»:
Ելոյթներով հանդէս եկած են` «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային թերթի խմբագիր Նայիրի Մկրտիչեան-Տաղլեանը, բանաստեղծ Արեւշատ Աւագեանը, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող Յարութիւն Մարութեանը եւ ուրիշներ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով սփիւռքի նախարարութեան եւ նախարարին` գիրքի հեղինակ Սօսի Ղազարեան-Գէոնեան նշած է. «Փոքր տարիքէս պապիս հանդէպ եղած մեծ ակնածանքս վերափոխուեցաւ տառապանքի, երբ իմացայ, թէ ինչպիսի նուաստացումներու ենթարկած են զայն թուրքերը: Եւ այսօր ուրախ եմ, որ այստեղ, այս սրահին մէջ Հայկ Ղազարեանը չէ մոռցուած, այլ կը գնահատուի»:
«Վերադարձ Հայաստան» Հիմնադրամին Դիմած Է
Հազար Հայրենադարձ
Իր գործունէութեան երկու տարուան ընթացքին «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամը աջակցութիւն ցուցաբերած է շուրջ 1000 հայրենադարձի, որոնց մեծ մասը նոր տեղափոխուած է հայրենիք եւ ծանօթ չէ օրէնսդրութեան, պայմաններուն ու ընթացակարգերուն: Հիմնադրամի նախագահ Վարդան Մարաշլեանի համաձայն, իրենց կրցած են շուրջ 200 հոգիի համար աշխատանք գտնել. դիմողներուն 40 տոկոսը իր առեւտուրը հաստատած է: Ասիկա բնականաբար չի նշանակեր, որ հիասթափողներ չեն եղած, նոյնիսկ կան մեկնողներ, սակայն կարեւոր գաղափարախօսութիւնը, ըստ Մարաշլեանի, այն է, որ հայրենադարձին ճիշդ կերպով ներկայացուի հայաստանեան իրականութիւնը:
«Ո՛չ վարդագոյն, ո՛չ սեւ: Դուրսը ապրող հայը պէտք է իրական պատկերացում ունենայ Հայաստանի մասին եւ գիտնայ` ո՞ւր կու գայ եւ ինչո՞ւ», ըսած է Մարաշլեան` աւելցնելով, որ այս հարցին մէջ շատ կարեւոր է նաեւ անձնական փորձառութեան ներկայացումը: Այդ նպատակով ալ հանդիպումներու ընթացքին հիմնադրամին անդամները կը հրաւիրեն նաեւ Հայաստանի մէջ յաջողութեան հասած հայրենադարձները, որպէսզի անոնք խօսին իրենց անցած ուղիին մասին: Հայ հասարակութեան հետ հայրենադարձներուն համարկումը աւելի մատչելի դարձնելու միտումով հիմնադրամի աշխատակիցներն ու ստեղծուած հայրենադարձներու ցանցը առաւել մատչելի կերպով կը ներկայացնեն օրէնսդրութիւնը, իրավիճակը եւ պայմանները:
«Հայրենադարձութեանը նպաստող միջավայրի ստեղծումն մեծագոյն խնդիրն է: Այս առումով հիմնադրամը աջակցութեան կարիք ունի, քանի որ հայրենադարձութիւնը ո՛չ պետութեան, ո՛չ կուսակցութիւններու օրակարգին վրայ կայ: Հայրենադարձութեան մասին օրէնքը քնացած վիճակի մէջ է եւ նոյնիսկ Ազգային ժողովին մէջ քննարկումներու հանգրուան չէ հասած», նշած է Մարաշլեան` աւելցնելով, որ հայրենադարձներուն մեծ մասը հետագային կը հեռանայ հիմնականին մէջ աշխատանք չգտնելու կամ աւելի քիչ գումար վաստակելու համար:
«Գլխաւոր խնդիրն այն է, որ հայրենադարձները հասկնան, որ կայ հայրենիք, որ ունի խնդիրներ, կ՛առաջարկէ որոշ պայմաններ: Հայաստանի մէջ գինեգործութեան ոլորտին մէջ մեծ փոփոխութիւններ արձանագրուած են հայրենադարձներուն շնորհիւ, կան ոլորտներ, մասնագիտութիւններ, որոնց նկատմամբ մեծ պահանջ կայ, եւ բնական է, որ այդ ոլորտներուն մէջ հայրենադարձները կարենան շահեկան դիրքի մէջ գտնուիլ եւ նպաստել թէ՛ իրենց կենսամակարդակի բարձրացման, թէ՛ պետութեան զարգացման», ըսած է Մարաշլեան:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Վերաբերող
Մրցումին Յաղթողը Պիտի Երթայ Արեւմտահայաստան
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ 20 նոյեմբերին տեղի ունեցած է «Թարմ գաղափարներ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի միջոցառումների շրջանակներում» խորագիրով համաժողովը:
Ծրագիրի մասնակիցները այն երիտասարդներն էին, որոնք ծրագիրներ եւ թարմ գաղափարներ ներկայացուցած էին 2015-ին կեանքի կոչելու համար:
Մինչեւ 17 նոյեմբերին «Փաստարկ» ծրագիրի ծիրին մէջ երիտասարդները կ՛ուղարկէին իրենց առաջարկ-գաղափարները, որոնք ներկայացուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաձեռնութիւնները համակարգող յանձնաժողովին:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան խօսած է տեղեկատուական, քարոզչական մեքենային կարեւորութեան մասին: «Շատ կարեւոր է, թէ մենք ի՛նչ ենք փոխանցում յաջորդ սերունդներին, ի՞նչ գործիքներ են նրանց տրամադրում միջազգային հարթակներում հանդէս գալու համար, ի՞նչ պատկերացումներ են ձեւաւորւում երիտասարդների շրջանում Հայոց ցեղասպանութեան եւ դրա հետեւանքները վերացնելու վերաբերեալ», յայտնած է Հայկ Դեմոյեան:
«Փաստարկ» ծրագիրի ղեկավար Տարօն Պարսամեանը նշած է. «Մեր նպատակն է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի միջոցառումները համակարգող յանձնաժողովին տրամադրել երիտասարդական թարմ գաղափարներ, հնարաւորութիւն ընձեռել ցանկացած երիտասարդի սեփական կարծիքը լսելի դարձնել: Ես փորձագէտ չեմ, ուղղակի կարծում եմ, որ ցանկացած երիտասարդի ձայն պէտք է լսելի լինի նման իրադարձութեան վերաբերեալ»:
Մրցութային յանձնաժողովը ընտրած է լաւագոյնները: Վերջինները ստացած են մրցանակներ, իսկ յաղթողը` ուղեւորութեան առիթ դէպի Արեւմտեան Հայաստան: