Թուրքիա Իր Լոպիական Ջանքերուն Համար Հիմնած Է 5000 Կազմակերպութիւն
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
Թուրքիա նոր քայլեր առնել սկած է` արտասահմանի մէջ իր լոպիական գործունէութիւնը զօրացնելու համար: «Փուսուլհապեր» լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ կառավարութիւնը արագացուցած է աշխատանքները` հայկական ու հրէական սփիւռքներուն նման հզօր թրքական լոպի մը ձեւաւորելու ուղղութեամբ:
Թրքական կառավարութիւնը, յատուկ առաքելութեամբ, արտասահմանի թրքական համայնքները սկսած է կազմակերպել` համայնքներուն մէջ հիմնելով միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ: Վերոյիշեալ կազմակերպութիւններուն նիւթական աջակցութիւններ պիտի տրուին իշխանութիւններուն կողմէ: Մինչեւ այսօր, արտասահմանի մէջ արդէն իսկ հիմնուած է թրքական հասարակական 5000 կազմակերպութիւն, որոնց մէջ կը գործեն նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեաներ:
CATEGORIES Հայ Դատ

