Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը
Երէկ` երեքշաբթի, 25 նոյեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանի գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցեր: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Ղարաբաղի ճակատին զոհուած երեք նահատակ օդաչուներու ընտանիքներուն եւ իր զօրակցութիւնը հայոց բանակին:
CATEGORIES Գաղութային

