Միջազգային Կարճ Լուրեր

1125_ISILRosblat.ru կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ «Թուիթըր»-ի վրայ շնորհաւորած է իր համախոհները Փենթակոնի ղեկավար Չաք Հէյկըլի հրաժարելուն առիթով` նշելով. «Իսլամական պետութիւնը տապալեց ամերիկեան պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարը»:

ԸՍՏ մամլոյ տեղեկութեանց, ՏԱՀԵՇ ականահարելով ամբողջութեամբ քանդած է Մուսուլի հիւսիսը գտնուող Մար Քուրքիս եկեղեցին եւ համանուն վանքը: Մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած:

ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքօ յայտարարեց, որ երկրին ՕԹԱՆ-ի միանալուն որոշումը պիտի տրուի ժողովրդային հանրաքուէի ճամբով` Քիեւի կողմէ Դաշինքին արժէչափերուն բաւարարումէն ետք: Ան ընդգծած է. «ՕԹԱՆ-ի միանալու կամ չմիանալու որոշումը միայն ուքրանացի ժողովուրդին լիազօրութիւնն է»:

 

Share this Article
CATEGORIES