«Աբխազիոյ Հետ Կնքուած Համաձայնագիրով Ռուսիա Կը Փորձէ Զայն Իր Տարածքին Վերածել» Կ՛ըսէ Մարկվելաշվիլի

Կէորկի Մարկվելաշվիլի

Կէորկի Մարկվելաշվիլի

NewsGeorgia.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի Ռուսիոյ եւ Աբխազիոյ միջեւ կնքուած համագործակցութեան համաձայնագիրին վերաբերեալ հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «Ռուսիոյ եւ Աբխազիոյ միջեւ ստորագրուած, այսպէս կոչուած «Ռազմավարական գործընկերութեան մասին» համաձայնագիրը կը ներկայացնէ քայլ մը, որ ուղղուած է Վրաստանի տարածքի կցման, ինչ որ աւելի կը բարդացնէ իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ եւ դէպի փակուղի կը տանի Վրաստանի ու Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը եւ Աբխազիոյ առջեւ կը դնէ անլուծելի խնդիր»:

Վրաստանի նախագահը կը նշէ. «Այս քայլով Ռուսիա կը փորձէ արդէն Աբխազիան վերածել իր զինուորական, քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական տարածքին»: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ այդպիսի փաստաթուղթի ստորագրումը «կոպտօրէն կը խախտէ միջազգային օրէնքի արժէչափերը եւ պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու քաղաքակիրթ գործելաոճը, Վրաստանն ու միջազգային ընտանիքը կը դնէ լրացուցիչ խնդիրներու առջեւ»:

Մարկվելաշվիլի նոյն ատեն միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ` «կցման դէմ միացեալ քայլերու ձեռնարկելու»:

«Մենք կարելի եւ ցանկալի կը նկատենք կայացումը միջազգային խորհրդաժողովի մը, ուր պիտի մշակուին ինչպէս երկարաժամկէտ, այնպէս ալ շօշափելի միջոցներ ընդդէմ Եւրոպայի մէջ նոր ոչ օրինական սահմաններ հաստատելուն: Այսօր մեզի անհրաժեշտ է միասնութիւն, ամրութիւն, խոհեմութիւն եւ անդադար աշխատանք` մեր պետականութեան դէմ տարուող ծայրայեղ վտանգաւոր քաղաքականութեան դէմ դնելու համար», նշած է Վրաստանի նախագահը:

Share this Article
CATEGORIES