Միացեալ Նահանգներ. Ֆերկըսընի Մէջ Եւ Այլուր Ցոյցեր Եւ Անկարգութիւններ

1125_Ferguson«Ֆոքս Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու մեծ քաղաքներուն մէջ ցոյցեր եւ բողոքի արշաւներ սկսած են, երբ Ֆերկըսըն քաղաքի մէջ դատարանը որոշած է մեղադրանք չներկայացնել 18-ամեայ սեւամորթ երիտասարդը սպաննած սպիտակամորթ ոստիկանին:

Ոստիկան Տարըն Ուիլսընի կողմէ Մայքըլ Պրաունի սպանութիւնը ցնցած էր ամերիկեան հասարակութիւնը եւ ցոյցերու, անկարգութիւններու պատճառ դարձած էր:

Վճիռի հրապարակումէն ետք, Ֆերկըսընի մէջ ոստիկանութիւնը ցրուեց ցուցարարները արցունքաբեր կազ օգտագործելով: Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ ցուցարարները քարեր նետեն ոստիկաններուն վրայ, հրկիզեն առնուազն մէկ ոստիկանական մեքենայ:

Ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ Լոս Անճելըսի, Ուաշինկթընի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Ֆիլատելֆիոյ, Տենվըրի, Քլիվլենտի, Շիքակոյի մէջ եւ այլուր:

Դատարանի վճիռին դէմ իրենց բողոքը արտայայտեցին շարք մը հանրածանօթ սեւամորթ գործիչներ:

Share this Article
CATEGORIES