«Ամերիկա Եւ Արեւմտեան Պետութիւնները Իրենց Ամբողջ Ներուժը Օգտագործեցին, Սակայն Չկրցան Ծունկի Բերել Իրանը» Ըսաւ Խամենէի

Այաթոլլա Խամենէի
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի «Ծայրայեղական եւ հաւատադրժողական հոսանքներու վտանգը իսլամ հոգեւորականներու տեսանկիւնէն» խորագիրով խորհրդաժողովին մասնակիցներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ հաւատադրժողական հոսանքն ու զայն պաշտպանող եւ անոր աջակցող կառավարութիւնները Իսրայէլի մտադրութեանց ու նպատակներուն իրագործման ուղղութեամբ կ՛ընթանան, իսկ այդ հոսանքին գործունէութիւնը ի շահ Միացեալ Նահանգներու, «եւրոպական գաղութատիրական պետութիւններուն եւ սիոնական գոյացութեան է»: Ան աւելցուց, որ հաւատադրժողական հոսանքին շարժումները պէտք չէ իսլամ ժողովուրդին մոռցնել տան պաղեստինեան դատն ու անոր առանցքային ըլլալը:
Խամենէի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է յարանուանական տարակարծութիւնները շրջանցել` նշելով, որ Իրան լիբանանեան Հըզպալլային, իսկ Պաղեստինի մէջ Համասին եւ Ժիհատին կ՛աջակցի անկախ անոնց յարանուանութենէն:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը անդրադառնալով Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ կատարուող բանակցութեանց յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ եւ եւրոպական գաղութատիրական պետութիւնները բոլորն ալ միացան եւ իրենց ամբողջ ուժը օգտագործեցին Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը ծունկի բերելու, սակայն ատիկա կատարել չկրցան եւ պիտի չկրնան»:

