Քոնկրեսականներ Իրանի Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Կը Պահանջեն, Օպամա Կը Մերժէ
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Օպամայի վարչակարգին զգուշացուց, որ մտադիր է վեթոյի ենթարկել Իրանի հետ վերջնական համաձայնագիրը, որ ուժի մէջ մտնելու համար Ծերակոյտի վաւերացման կը կարօտի: Ծերակուտականները Իրանի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներու որդեգրումը պահանջեցին` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային ներկայացնելով զեկուցում մը, որ ստորագրուած էր Ծերակոյտի անդամներուն շուրջ կէսին կողմէ: Անոնք խոստացան մերժել «վատ ու վտանգաւոր համաձայնութիւն» մը:
Զեկուցումը ստորագրած էին բոլոր հանրապետական ծերակուտականները, որոնց թիւը 43 է:
«Այժմ աւելի քան երբեւէ կարեւոր է, որ Քոնկրեսը սահմանէ պատժամիջոցներ, որոնք Իրանի մէջ մոլլաներուն այլընտրանք պիտի չձգեն, բացի իրենց անօրինական հիւլէական զէնքի կազմալուծումէն», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ, որ տարածուած է հանրապետական ծերակուտական Մարք Քըրքի կողմէ:
Ան նշած է. «Քոնկրեսը այլեւս ժամանակ պիտի չյատկացնէ Իրանին` հիւլէական ռումբ պատրաստելու համար»:
Ծերակուտականներ Ճոն ՄքՔէյն, Լինտսի Կրեհեմ եւ Քելի Այոթ եւս կը զօրակցին բանակցութիւններու ընթացքին Իրանի դէմ պատժամիջոցներու խստացման` ընդգծելով, որ «Իրանի հետ որեւէ համաձայնութիւն պէտք է ուղարկուի Քոնկրես` հաստատման համար»:
Օպամա մերժեց Իրանի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատելու առաջարկը:

