Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ երէկ նախարարութեան գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թրքական մշակութային կեդրոնի տնօրէն Ճենկիզ Արօղլուն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ թրքերէնի ուսուցման, մշակութային լսարաններու կազմակերպման եւ այլ ձեռնարկներու վերաբերող հարցեր:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ իրենք կը քաջալերեն Հըզպալլայի հետ Մուսթաքպալ հոսանքին երկխօսութիւնը` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ երկխօսութիւնը ապարդիւն դուրս եկած է:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը բողոքարկելը Լիբանանը դէպի անորոշութիւն առաջնորդել է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի օդուժը երէկ Թրիփոլիի, Քուրայի, Զղարթայի, Տըննիէի եւ Մընիէի վերեւ թռիչքներ գործեց` փնտռելով պահանջուած յանցագործներ: Բանակը ամբողջ Թրիփոլիի մէջ կատարեց խիստ հսկողութիւն եւ զետեղեց անցարգելներ, որոնք ստուգեցին անցորդներուն անձնաթուղթերը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Պթըտհիի ոճիրը գործող յանցագործները պիտի հետապնդուին, մինչեւ անոնց ձերբակալումն ու պատիժի ենթարկուիլը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Նասըրական շարժումի նախագահ Ուսամա Սաատի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Քումաթի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ահաբեկչութեան դէմ արձանագրուելիք յաղթանակը մօտալուտ է, նոյնիսկ եթէ անոր գինը սուղ պիտի վճարուի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ալի Խրէյս շեշտեց, որ ներկայիս կ՛որոշուի Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ կատարուելիք երկխօսութեան օրակարգը` աւելցնելով, որ այդ երկխօսութիւնը քրիստոնեայ համայնքին հաշուոյն պիտի չըլլայ: Ան հաստատեց, որ երկու քաղաքական ուժերուն միջեւ որեւէ համաձայնութիւն ինքնաբերաբար պիտի դրսեւորուի ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի դէմ յաղթանակով:
ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ազգային անվտանգութեան ուժերու ղեկավար Սուպհի Ապու Արապ յայտնեց, որ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ Ֆատլ Շաքերի, Շատի Մաուլաուիի եւ շէյխ Ահմետ Ասիրի ներկայութիւնը անբաղձալի է:
ՀԱՄԱՍԻ ղեկավարութեան մէկ պատուիրակութիւնը յառաջիկայ երկու օրերուն ընթացքին պիտի հասնի Պէյրութ եւ պիտի այցելէ Լիբանանի պաղեստինեան գաղթակայանները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ երկխօսութեան առումով Հըզպալլա իսկական ձեռք պէտք է երկարէ Մուսթաքպալին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ իրենք դրական տրամադրութեամբ կը սպասեն Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան, եթէ անիկա կատարուի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան պատասխանատուներէն Էտի Ապի Լամահ ընդգծեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը բոլոր երկխօսութիւնները կը քաջալերէ եւ կը գնահատէ` աւելցնելով նաեւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յանձնառու է երկխօսութեան յատուկ դրական մթնոլորտը պահպանելու:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ Պքերքէին հաստատեցին, որ կարելի չէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը ընդունիլ իբրեւ հանրապետութեան նախագահ: Նոյն օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահը վստահեցուց, որ Հարիրի պիտի համաձայնի Հըզպալլայի հետ առանց նախապայմանի երկխօսութիւն կատարել:
ՊԵՏԱԿԱՆ հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութեան մթնոլորտը դրական է, սակայն այդ երկխօսութեան կէտերուն եւ ժամադրութիւններուն շուրջ համաձայնութիւն կարելի չէ գոյացնել:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու բանակցութիւններուն շրջագիծին մէջ ՏԱՀԵՇ կ՛ընդառաջէ բանագնացին պայմաններուն, իսկ Ժապհաթ Նուսրա կը մերժէ:

