Պանիրը, Մածունը Եւ Կաթնեղէնը` Լուսարձակի Տակ

1125_labne Առողջապահութեան նախարարութեան ձեռնարկած առողջապահական չափանիշները ամբողջացնող ուտեստեղէնի արշաւը, որ հիմնականին մէջ կեդրոնացած էր հաւու եւ մսեղէնի տեսականիներուն վրայ, երէկ Լիբանանի մէջ լուսարձակի տակ առաւ պանիրի, մածունի եւ կաթնեղէնի արտադրութիւնները:

Այս արշաւին ձեռնարկեց տնտեսութեան նախարարութիւնը, որ հրահանգեց շուկայէն հաւաքել «Լաքլուք», «Քայսար», «Մասապքի», «Սանթր Ժտիթա», «Մանթուժաթ Շթուրա» եւ «Հաուա Տէյրի» վաճառանիշը կրող մածուններն ու պանիրները:

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ պահանջեց նաեւ փակել երէկ երեք գործարաններ, որոնց արտադրութիւնները տնտեսութեան նախարարութեան ճշդած չափանիշները չեն ամբողջացներ:

Հաքիմ յայտնեց, որ այս արշաւը շարունակութիւնն է առողջապահութեան նախարարութեան սկսած արշաւին, որուն նախաձեռնութիւնը ստանձնած էր նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր:

Share this Article
CATEGORIES