Զօր. Քահուաժի Քննարկեց Բանակին Կատարուելիք Բրիտանական Օժանդակութիւնները

Զօր. Քահուաժի` բրիտանական պատուիրակութեան հետ

Զօր. Քահուաժի` բրիտանական պատուիրակութեան հետ

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Կիպրոսի մէջ բրիտանական ուժերու հրամանատար զօր. Ռիչըրտ Քրեպոյլը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք բրիտանական օժանդակութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի ընդհանուր քարտուղարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը դատական յատուկ ատեանի մը փոխանցած է ձերբակալեալ յանցագործ Մուսաապ Ժամալ Այուպին, որ Ահմետ Միքաթիի առաջնորդած զինեալ խմբաւորումին մէկ անդամն է:

Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Այուպի տեղեակ էր Թրիփոլիի մէջ գործադրուած ահաբեկչական դաւադրութիւններէն:

 

Share this Article
CATEGORIES