«Պքերքէի Դռները Բաց Են Բոլորին Դիմաց, Իսկ Հըզպալլայի Եւ Մուսթաքպալ Հոսանքին Միջեւ Երկխօսութիւնը Ողջունելի Է» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

1125_Patr RaiՄարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ վերադարձաւ Պէյրութ, ուր նշեց, որ բոլոր երկխօսութիւնները անհրաժեշտ են, «եւ պէտք չէ մոռնալ, որ Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութեան խզումը մեզի հասցուցած է այս վիճակին», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ տեղի ունենալիք երկխօսութիւնը ողջունելի է, եթէ ան կատարուի:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Պքերքէի դռները բաց են բոլոր անոնց դիմաց, որոնք կը փափաքին այցելել Պքերքէ, ըլլան անոնք քրիստոնեաներ կամ ոչ քրիստոնեաներ:

 

Share this Article
CATEGORIES