Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերու Նիստ` Նուիրուած Առողջապահական Չափանիշները Ամբողջացնող Ուտեստեղէնին

Միացեալ յանձնախումբերու նիստէն պահ մը

Միացեալ յանձնախումբերու նիստէն պահ մը

Խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերը երէկ խորհրդարանին մէջ գումարեցին առողջապահական չափանիշները ամբողջացնող ուտեստեղէնին նուիրուած նիստ մը:

Խորհրդարանական յանձնախումբերուն միացեալ նիստէն ետք առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք զօրակցեցան իր արշաւին: Ան հաստատեց, որ լիբանանցի քաղաքացին շատ աւելին կ՛ակնկալէ իր պատասխանատուներէն, սակայն ան տակաւին չէ յուսալքուած: Ան յոյս յայտնեց, որ այս հարցը չքաղաքականացուի, որպէսզի չփճանայ:

Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը իր սկսած արշաւին իմաստով շատ լուրջ է եւ պիտի շարունակէ իր քայլերը` հասնելով մինչեւ դատական իշխանութիւններ:

Ան ընդգծեց, որ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի իրենց խոստացած է հետապնդել այդ թղթածրարը:

Share this Article
CATEGORIES