Նազարեան Այցելեց Թրիփոլիի Եւ Զահրանիի Քարիւղի Զտարանները

Արթիւր Նազարեան
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ այցելեց Թրիփոլիի եւ Զահրանիի քարիւղի զտարանները, ուր ընդունուեցաւ զտարաններու ընդհանուր տնօրէն Սարգիս Հալիսի կողմէ:
Այցելութեան շրջագիծին մէջ Նազարեան ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, որոնց ընթացքին քննարկուեցան այդ զտարաններուն վարչութեան վերաբերող հարցեր, յատկապէս ինչ կը վերաբերի լիբանանեան շուկային ապահովուելիք կայունութեան եւ դէպի Լիբանան բնական կազ ներածելու համաձայնագիրին վերաբերող հարցերուն:
Ա. Նազարեան հաստատեց, որ այս այցելութիւնը լիբանանեան պետութեան յաջողագոյն հաստատութիւններէն մէկուն կը կատարուի` նկատի ունենալով ընդհանուր տնօրէնին եւ պաշտօնէութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող համագործակցութիւնը:
Ան յաջողութիւն մաղթեց այդ հաստատութեան` անոր յայտնելով նախարարութեան ամբողջական զօրակցութիւնը:

