Ընտրական Օրէնքի Խորհրդարանական Ենթայանձնախումբը Գումարեց Իր Նիստը

Ենթայանձնախումբի նիստէն պահ մը
Ընտրական օրէնքի նախագիծ մը պատրաստելու յատուկ խորհրդարանական ենթայանձնախումբը երէկ առաւօտեան խորհրդարանին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմի եւ ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ երեսփոխաններ Ալի Պեզզիի, Ալի Ֆայեատի, Ժորժ Ատուանի, Սամի Ժեմայէլի, Էմիլ Ռահմէի, Ալեն Աունի, Սերժ Թուրսարգիսեանի, Ահմետ Ֆաթֆաթի եւ Զիատ Քատիրիի:
Նիստէն բացակայեցաւ երեսփոխան Մարուան Համատէ:
Նիստէն ետք Ղանեմ յայտնեց, որ ենթայանձնախումբը քննարկած է երեսփոխան Ալի Պեզզիի ներկայացուցած ընտրական խառն օրինագիծը:
«Եթէ կրցանք մինչեւ այս ամսուան աւարտը համախոհութեամբ համաձայնութեան մը յանգիլ, ապա համաձայնած կ՛ըլլանք օրինագիծի մը շուրջ, իսկ համաձայնութեան մը չյանգելու պարագային, խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին պիտի ներկայացուին ընտրական օրինագիծի բոլոր տարբերակները, որոնց շուրջ քուէարկութիւն պիտի կատարուի, եւ այն օրինագիծը, որ ամէնէն աւելի քուէ ստանայ, պիտի դառնայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու օրէնքը, որուն պէտք է ենթարկուին լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը», ըսաւ Ղանեմ:
Ան նշեց, որ ենթայանձնախումբին յաջորդ նիստը պիտի գումարուի վաղը` հինգշաբթի, 27 նոյեմբերին:

