Պըրրի Ասիրիի Եւ Հէյլի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Ասիրի եւ Պըրրի

Ասիրի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ասիրի յայտնեց, որ Պըրրի այն ազգային անձնաւորութիւններէն է, որ յանձնառու է քաղաքական տագնապներուն լուծումներ գտնելու եւ երկրին ներքին կացութիւնը խաղաղեցնելու, ինչպէս նաեւ զայն փոխադրելու դէպի աւելի լաւ հանգրուան մը` քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական առումով:

Ասիրի շեշտեց, որ Ռիատի համար Լիբանանի մէջ կան երկու առաջնահերթութիւններ, որոնք են Լիբանանի ազգային միասնականութեան հաստատումը, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը` անկախ Լիբանանին վրայ շրջանային տագնապներուն ունեցած հետեւանքներէն:

Ասիրի ընդգծեց, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը լիբանանցիներուն պատասխանատուութիւնն է, ինչպէս նաեւ այն միակ միջոցը` իրականացնելու ազգային գերագոյն շահերը:

Ասիրի եզրափակեց յայտնելով, որ Սէուտական Արաբիա կը վստահի լիբանանցիներուն իմաստուն կեցուածքներուն, Լիբանանի նկատմամբ անոնց հաւատարմութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի շահերուն գերադասումին:

Այն Թինէ այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:

 

Share this Article
CATEGORIES