«Նենսի»-ն Լիբանանի Համար Դարձաւ Իսկական Ցուրտի Առաջին Հարուածը
Պէյրութի օդակայանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան օդերեւութաբանական գրասենեակին կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնները, թէ անցեալ շաբաթավերջին Լիբանան պիտի ժամանէր «Միշա» անունով փոթորիկը եւ ցուրտի իր խիստ ազդեցութիւնը պիտի պարտադրէր կլիմային վրայ, դուրս եկաւ այնպէս, որ «Միշա»-ն մեղմ «փոթորիկ» մըն է, որուն ազդեցութիւնը համազօր էր զեփիւռի ազդեցութեան:
Սակայն «Միշա»-ին յաջորդեց «Նենսի»-ն, որ Լիբանանի համար դարձաւ իսկական ցուրտի առաջին հարուածը:
Կը նախատեսուի, որ «Նենսի»-ին Լիբանան կեցութիւնը տեւէ մինչեւ հինգշաբթի կէսօր, երբ ջերմաստիճանը սկսի քիչ քիչ բարձրանալ:
Մինչ այդ նշենք, որ այսօր ջերմաստիճանը բաւական պիտի նուազի, անձրեւը պիտի շարունակէ տեղալ, իսկ ծովու մակերեսէն 1400 մեթր բարձրութեան վրայ պիտի ձիւնէ:
Միւս կողմէ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր ուղղուեցաւ Տահր Պայտար` ստուգելու համար որդեգրուած միջոցառումները` մայրուղիին վրայ կուտակուած ձիւնը մաքրելու եւ քաղաքացիներուն երթեւեկը կարելի եղածին չափ դիւրացնելու իմաստով:

