Հըզպալլա Ազատ Արձակեց Իր Առեւանգուած Մարտիկներէն Իմատ Այեատը

Իմատ Լուպնան Այեատ
Հըզպալլայի առեւանգուած մարտիկ Իմատ Լուպնան Այեատ երէկ վերադարձաւ Հարաւային արուարձաններ, շնորհիւ Հըզպալլայի ղեկավարութեան կողմէ կատարուած փոխանակումի գործողութեան:
Այեատի առեւանգումին իբրեւ պատասխան Հըզպալլա գերեվարած էր Սուրիական ազատ բանակի պատասխանատուներ Մըրհի Մըրհին եւ Ապել Ղանի Ռայեսը:
Աւելի ուշ երկուքին միջեւ կատարուեցան բանակցութիւններ, որոնց շրջագիծին մէջ Այեատ փոխանակուեցաւ վերոնշեալ երկու պատասխանատուներով:
Գիշերուան շուրջ ժամը 10:00-ին, Այեատ վերադարձաւ իր բնակարանը` Պէյրութի հարաւային արուարձաններ, ուր ընդունուեցաւ իր ընտանիքին, հարազատներուն եւ բարեկամներուն, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուքի կողմէ:
Շէյխ Քաուք ազատ արձակուած մարտիկին փոխանցեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ողջոյնները` ընդգծելով, որ իրենց ուրախութիւնը պիտի ամբողջանայ միայն առեւանգուած բանակայիններուն եւ իսրայէլեան բանտերուն մէջ գտնուող արգելափակեալներուն վերադարձով:
Այեատի ընտանիքը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց սէյիտ Հասան Նասրալլային` իրենց զաւկին վերադարձին առիթով:

