«Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղենք Կեդրոնանալու Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Խաղաղ Լուծման Վրայ» Կ՛ըսէ Ուորլիք

Ճէյմս Ուորլիք

Ճէյմս Ուորլիք

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան ըսած է. «Կարդացի հաղորդագրութիւնները այն մասին, որ յատուկ գործողութիւն տեղի ունեցած է ղարաբաղեան օդուժի վար առնուած ուղղաթիռի անձնակազմի անդամները դուրս բերելու համար»:

«12 նոյեմբերին տեղի ունեցած միջադէպը ողբերգութիւն մըն էր, որուն կրկնութենէն ապագային պէտք է խուսափինք: Մենք կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք զուսպ ըլլալու եւ ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու խաղաղ եւ վերջնական լուծման վրայ: Լարուածութեան աճն ու տագնապին սրումը հարուած կը հասցնեն խաղաղ բանակցութիւններուն եւ կը դժուարացնեն մարդասիրական խնդիրներու լուծումը, որոնք յառաջացած են տագնապին պատճառով», ըսած է ամերիկացի դիւանագէտը:

Share this Article
CATEGORIES