Չաւուշօղլու. «Ամէն Ինչ Պիտի Ընենք 2015-ին Քոնկրեսին Կողմէ Հայանպաստ Բանաձեւին Որդեգրումը Կանխարգիլելու Համար»

Մեւլութ Չաւուշօղլու
Թրքական «Հապերլեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 2015-ի պիւտճէի քննարկումներուն ընթացքին անդրադարձած է յաջորդ տարի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին Թուրքիոյ ձեռնարկելիք քայլերուն:
Ան յայտարարած է, որ իրենք պիտի շարունակեն պայքարը, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ որեւէ բանաձեւ չորդեգրէ:
Չաւուշօղլու նշած է, որ թրքական լոպիները աշխուժօրէն այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատին եւ կը համագործակցին նաեւ այլ նախարարութիւններու հետ:
CATEGORIES Հայկական

