Օհանեան Ընդունած Է Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանը

1125_Ohanian_CharpentierՀայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան  երէկ ընդունած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէն:

Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան, hանդիպման ընթացքին  քննարկուած են պաշտպանական մարզին մէջ հայ-ֆրանսական երկկողմանի համագործակցութեան եւ  շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:

Սէյրան Օհանեան դեսպանին ներկայացուցած է 12 նոյեմբերին հայկական  ուղղաթիռը վար առնելու դէպքին եւ  ատոր յաջորդած գործողութիւններուն մանրամասնութիւնները:

Իսկ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան երէկ ընդունած է Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ պետութիւններու դիւանագէտները եւ զինուորական ներկայացուցիչները:  Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան, Դաւիթ Տօնոյեան ներկայացուցած է Ազրպէյճանի կողմէ վար առնուած ուղղաթիռի անձնակազմին դիակները անկման վայրէն  տարհանելու ուղղութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներուն իրականացուցած յատուկ գործողութիւններու մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ հայկական կողմի նշուած գործողութիւնները ապացուցող անհերքելի փաստերը:

«Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալը ցաւ յայտնած է միջազգային հանրութեան միջնորդական գործունէութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի յարուցած խոչընդոտներուն կապակցութեամբ, որոնք թոյլ չտուին միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշներուն համաձայն դուրս գալ վար առնուած ուղղաթիռին շուրջ ձեւաւորուած փակուղիէն: Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ տարածուող ապատեղեկատուութիւնը եւ իրականացուած յատուկ գործողութեան հերքումը կը հանդիսանան  միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ ոտնակոխման, ինչպէս նաեւ զոհուած հակառակորդին նկատմամբ բարոյապղծման վառ օրինակ մը եւս: Այս հարցով Ազրպէյճանի շղթայազերծած ապատեղակատուական արշաւը ոչ այլ ինչ է, քան քաղաքական ղեկավարութեան առաջադրած խնդիրներու կատարման անկարողութեան քողարկում` ազրպէյճանական բանակին կողմէ», կը յայտնէ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

Նոյնանման բովանդակութեամբ տեղեկատուութիւն Դաւիթ Տօնոյեան փոխանցած է նաեւ  Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային խորհուրդի  պատուիրակութեան ղեկավարին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES