Սթոքհոլմի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Հայաստանի Դեսպանութեան

1125_Nalbandian-speech-during-opening24 նոյեմբերին սկսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի պաշտօնական այցելութիւնը Շուէտ: Նոյն օրը տեղի ունեցած են Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Մարկօ Վալսթրիոմի բանակցութիւնները: Շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան հրաւէրին եւ ջերմ ընդունելութեան համար` Նալբանդեան նշած է, որ վերջին տարիներուն զգալիօրէն աշխուժացած են երկկողմանի յարաբերութիւնները` փոխադարձ այցելութիւններով, քաղաքական երկխօսութեամբ, Երեւանի եւ Սթոքհոլմի մէջ դեսպանութիւններու  հիմնադրմամբ, Հայաստանի տնտեսութեան նկատմամբ շուէտական ընկերութիւններու հետաքրքրութեան աճով: Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուած են հայ-շուէտական երկկողմանի յարաբերութիւններու ընդլայնման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը, Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն համագործակցութիւնը եւ միջազգային հրատապ խնդիրները: Անդրադառնալով հայ-շուէտական երկկողմանի յարաբերութիւններուն` նախարար Նալբանդեան նշած է, որ Հայաստանը շահագրգռուած է Շուէտի հետ համագործակցութեան զարգացումով եւ ընդլայնումով, որուն համար լուրջ նախադրեալներ կան: Նախարարները համակարծիք էին, որ դեսպանութիւններու բացումը նոր խթան կը հաղորդէ երկկողմ գործակցութեան խորացման:   Շուէտի արտաքին գործոց նախարարին խնդրանքով Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուցած է ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ  ձեռնարկուող ջանքերը: Այս ծիրին մէջ Նալբանդեան ընդգծած է. «Այս պահուն կարեւոր է յաղթահարել այն խիստ բացասական իրավիճակը, որ ստեղծուած է Փարիզի վեհաժողովէն անմիջապէս ետք Պաքուի կողմէ իրականացուած սադրիչ գործողութիւններու` ազրպէյճանական զինեալ ուժերու կողմէ  Արցախի պաշտպանութեան բանակի` վարժական թռիչք իրականացնող ուղղաթիռի խոցման եւ անձնակազմի անդամներուն զոհուելուն հետեւանքով»: Նալբանդեան Մարկօ Վալսթրիոմը հրաւիրած է այցելել Հայաստան:

Նալբանդեան եւ Վալսթրիոմ

Նալբանդեան եւ Վալսթրիոմ

Նոյն օրը Սթոքհոլմի պատմական Ազնուականութեան պալատին` Ռիտտարհիւսեթի մէջ տեղի ունեցած է Շուէտի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան պաշտօնական բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ եղած են Շուէտի կառավարութեան եւ  արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, Ռիքստակի անդամներ, Սթոքհոլմի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, հասարակական գործիչներ եւ շուէտահայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Հանդիսութեան ընթացքին խօսքեր արտասանած են Էդուարդ Նալբանդեան  եւ Շուէտի ռազմավարական զարգացման նախարար Քրիսթինա Փերսոն:   Նախարար Նալբանդեան իր խօսքին մէջ անդրադառնալով հայ-շուէտական յարաբերութիւններու անցեալին եւ ներկային ըսած է. «Բարձրացնելով Հայաստանի դրօշը Շուէտի թագաւորութեան մայրաքաղաքին մէջ` նշանաւորելու հայկական դեսպանութեան պաշտօնական բացումը, մենք կ՛արտայայտենք մեր ձգտումը` նոր մակարդակի բարձրացնելու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հակառակ այն հանգամանքին, որ հայ-շուէտական դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են 22 տարի առաջ, բազմաթիւ վկայութիւններ կան, որ մեր ժողովուրդները իրարու առնչակից եղած են տակաւին կանուխ միջնադարէն: 16-րդ եւ 17-րդ դարերուն Արեւելքը Շուէտին կապող առեւտրական ճամբան հայ վաճառականներու աշխուժութեան շնորհիւ  յաճախ կոչուած է «Հայկական ճամբայ»: Շուէտի պատմութեան ընթացքին յայտնի են հայ ծագումով դիւանագէտներ եւ գիտնականներ: Հայ ժողովուրդը երախտագիտութեամբ կը յիշէ Ալմա Եոհանսոնը եւ շուէտացի այլ միսիոնարները, որոնք օգնութեան ձեռք մեկնած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացած Հայոց ցեղասպանութեան վերապրածներուն: Այս ծիրին մէջ կը ցանկայի անգամ մը եւս մեր շնորհակալութիւնը յայտնել Շուէտի խորհրդարանին` Ռիքստակին, 2010 թուականին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն  համար»: Նալբանդեան նաեւ կարեւոր նկատած է շուէտահայ համայնքին դերակատարութիւնը` իբրեւ  Հայաստանը եւ Շուէտը կապող օղակ: Դեսպանութեան բացման առիթով Հանդիսութիւններու սրահին մէջ Ազնուականներու միութեան արխիւէն  ցուցադրութեան ներկայացուած էին ծագումով հայ շուէտացի դիւանագէտ Իգնատիոս Մուրատճանեանին 1780 թուականին ազնուականի տիտղոս շնորհելու Շուէտի արքայական հրովարտակը, ինչպէս նաեւ այլ պատմական փաստաթուղթեր:   Ձեռնարկին հայ եւ շուէտացի հեղինակներու ստեղծագործութիւններուն  կատարումներով ելոյթ ունեցած է հայ երաժիշտներու լարային քառեակը:

Բացի քաղաքական օրակարգէն նախարար Նալբանդեանի այցելութիւնը Շուէտ ներառած է նաեւ տնտեսական բաղադրիչ: Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է դրամատնային, ուժանիւթի, բարձր ճարտարագիտութիւններու, հաղորդակցութեանց, առողջապահական եւ պարէնի մարզերը ներկայացնող ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց պատմած է Հայաստանի մէջ  ներդրումային կարելիութիւնները, կառավարութեան կողմէ իրականացուող տնտեսական զարգացման ծրագիրները: Շուէտական գործարար շրջանակներու  ներկայացուցիչները պատմած են Հայաստանի մէջ իրենց ընկերութիւններուն կողմէ  իրականացուող գործունէութեան եւ համագործակցութեան հեռանկարային ծրագիրներուն մասին: Քննարկուած են նաեւ հայ-շուէտական գործարար համաժողովներու, տնտեսական մարզի պատասխանատուներու  փոխադարձ այցելութիւններու կազմակերպման կարելիութիւնները:

24 նոյեմբերի երեկոյեան Հայաստանի դեսպանութեան մէջ Նալբանդեան տեսակցած է շուէտահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին  նախարարը ներկայացուցած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը, ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը, Եւրասիական միութեան  Հայաստանի անդամակցութեան հոլովոյթը, Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան համագործակցութիւնը եւ պատասխանած է  ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES