Գալուստ Սահակեան Փարիզի Մէջ Հանդիպած Է Ֆրանսացի Իր Պաշտօնակիցին

1125_Kalousd_Rousdamian-ParisԼեռնային Ղարաբաղի տագնապը պէտք է լուծուի խաղաղ միջոցով` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափով, յայտարարած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահ Քլոտ Պարթոլոն` երկուշաբթի  ընդունելով Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանը:

Ըստ Հայաստանի Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութեան, հանդիպումին ընթացքին Գալուստ Սահակեան ընդգծած է, որ Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւնները իւրայատուկ տեղ կը  գրաւեն  Հայաստանի արտաքին քաղաքական օրակարգին մէջ, եւ որ այդ հանգամանքը պայմանաւորուած է միջազգային ասպարէզին մէջ  Ֆրանսայի ծանրակշիռ դերով, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ձեւաչափին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր ըլլալու փաստով:

«Անկարելի է անտեսել նաեւ այն փաստը, որ Ֆրանսա աշխարհի առաջին երկիրն է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած է օրէնքի ուժով», նշած է Գալուստ Սահակեան:

Խօսելով միջխորհրդարանական համագործակցութեան մասին` Սահակեան  արդիւնաւէտ նկատած է Հայաստանի եւ  Ֆրանսայի խորհրդարաններուն մէջ ձեւաւորուած հայ – ֆրանսական բարեկամութեան խումբերու գործունէութիւնը:

Խօսելով երկկողմանի յարաբերութիւններուն մասին` Պարթոլոն կարեւոր նկատած է գոյութիւնը Ֆրանսայի մէջ հայկական մեծ համայնքին, որ բաղկացած  է շուրջ կէս միլիոն հայերէ:

Հանդիպումին աւարտին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը ֆրանսացի իր պաշտօնակիցը հրաւիրած է Հայաստան` մասնակցելու 2015 թուականի ապրիլին տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն:

Գալուստ Սահակեան նոյն օրը Փարիզի մէջ  մասնակցած է «Հայաստանը` իբրեւ մուտք դէպի Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկայ» խորագիրով տնտեսական համաժողովին:

Ըստ Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութեան, Գ. Սահակեանի  գլխաւորած պատուիրակութիւնը 26-28 նոյեմբերին Ս. Փեթերսպուրկ պիտի այցելէ` մասնակցելու համար ԱՊՀ-ի միջխորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդի 41-րդ լիագումար նիստին եւ մնայուն յանձնախումբերու աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան Խորհրդարանական վեհաժողովի յանձնախումբերու նիստերուն, կազմակերպութեան կից շարք մը կառոյցներու աշխատանքներուն:

Պատուիրակութեան կազմին մէջն են Ազգային ժողովի փոխնախագահ Հերմինէ Նաղդալեան, պատգամաւորներ Վարդան Այվազեան, Արփինէ  Յովհաննիսեան, Արայիկ Յովհաննիսեան, Խոսրով Յարութիւնեան, Աղուան Վարդանեան եւ Ռուբէն Յակոբեան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES