Ուաշինկթըն. «Անհրաժեշտ Է Գտնել Ղարաբաղեան Խնդիրի Խաղաղ Լուծումը»

Ճեֆ Ռաթքէ

Ճեֆ Ռաթքէ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ գրասենեակի ղեկավար Ճեֆ Ռաթքէ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին  անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապի վերջին դէպքին ըսած է, թէ ատիկա անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ անհրաժեշտ է գտնել խնդիրի խաղաղ լուծումը:

«Ուղղաթիռի դէպքը եւ ատոր յաջորդած բռնութիւնները անգամ մը եւս կ՛ընդգծեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծում  գտնելու անհրաժեշտութիւնը, եւ մենք բոլոր կողմերուն կը յորդորենք զսպուածութիւն ցուցաբերել եւ ձեռնպահ մնալ այն գործողութիւններէն, որոնք կրնան մեծցնել լարուածութիւնը սահմանագիծին վրայ», յայտարարած է Ռաթքէ` շարունակելով. «Մենք կողմերուն նաեւ կոչ կ՛ուղղենք ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու խաղաղ բանակցութիւններու եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի համապարփակ լուծման վրայ: Իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ` Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են օգնութիւն ցուցաբերելու»:

Ինչ կը վերաբերի ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչի դէպքի վայր մուտքի խոչընդոտման հարցին, Ռաթքէ ըսած է, թէ չի հասկնար` ինչպէս կրնան հրաժարիլ ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչին դէպքին վայր մուտք գործելը արտօնելէ: Այս հարցով ընդգծուած է այլ մանրամասնութիւններ ստանալու անհրաժեշտութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES