Ըստ Արծուիկ Մինասեանի. Հայաստանի Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ Փոքր Բաժնետէրերը Դուրս Մղելու Հոլովոյթ

Արծուիկ Մինասեան

Արծուիկ Մինասեան

Ազգային ժողովի ելեւմտական եւ վարկային հարցերու  յանձնախումբի երէկուան նիստին, երբ կը քննարկուէր «Բաժնետիրական ընկերութիւններու մասին» օրէնքին մէջ  փոփոխութիւններ կատարելու մասին հարցը, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան  անդրադարձած է փոքր բաժնետէրերու խնդիրին` ըսելով, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենայ փոքր բաժնետէրերը դուրս մղելու  հոլովոյթ:

Ըստ Մինասեանի, բաժնետէրերու  մասին օրէնքը ամբողջութեամբ պէտք է վերատեսութեան եւ փոփոխութիւններու  ենթարկուի: Կեդրոնական դրամատան նախագահի տեղակալ Ն. Երիցեան, ի պատասխան, նախ նշած է, որ Հայաստանի շուկան օտարերկրեայ ներդրողներուն համար հասանելի դարձնելը հրատապ է, ապա  անդրադառնալով փոքր բաժնետէրերու խնդիրին, նշած է, որ այդ հարցը արագ լուծուող հարցերէն չէ, որովհետեւ պէտք է փոխուին հիմնարկներ եւ ռազմավարութիւն:

Share this Article
CATEGORIES