Զոհուած Օդաչուներու Աճիւնները Եռաբլուրի Մէջ Հողին Յանձնուեցան

Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

Եռաբլուր զինուորական պանթէոնին մէջ երէկ հողին յանձնուեցան 12 նոյեմբերին ազրպէյճանական զինեալ ուժերու կողմէ վար առնուած հայկական «Մի-24» ուղղաթիռի անձնակազմի անդամներուն աճիւնները:

Պանթէոնին մէջ էին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, պետական, քաղաքական գործիչներ, զոհերու հարազատներ եւ զինուորականներ:

Եռաբլուր պանթէոնին մէջ տեղի ունեցած յիշատակի արարողութեան ընթացքին պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ըսաւ. «Հպարտ ենք, որ ունինք այսպիսի զինուորներ, որոնք կը պահպանեն հայկական հողը եւ թոյլ չեն տար, որ ազրպէյճանական զինեալ ուժերը մուտք գործեն այնտեղ»:

Նախարարը նաեւ յայտարարեց, որ ասիկա Ազրպէյճանի կողմէ սադրանքներու շղթայ մըն էր, որ սկսած էր օգոստոսին, երբ անընդհատ սահմանային լարուած իրավիճակներ կը ստեղծէին նախ արձակազէնները, յետոյ` հետախոյզները, այժմ ալ հայկական ուղղաթիռը  վար առնուեցաւ:

Այնուհետեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի անունով Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Մովսէս Յակոբեան զոհուածներու  հարազատներուն յանձնեց Արիութեան մետալները: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահը օդաչուները յետմահու պարգեւատրած էր անցեալ  շաբաթ օր:

 

Share this Article
CATEGORIES