Սամպօ. Աշոտ Դանիէլեան` Աշխարհի Ախոյեանութեան Պրոնզէ Մետալակիր

1125_achod-tanielyanՃափոնի Նարիթա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Սամպոյի 2014-ի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն վերջին օրը, Հայաստանի հաւաքականին օգտին 82 քկ դասակարգին մջ պրոնզէ մետալի տիրացաւ Աշոտ Դանիէլեան:

Նշենք, որ ան 2013-ին հանդիսացած էր աշխարհի ախոյեան:

ArmSport.am կայքը կ՛աւելցնէ նշելով, որ Հայաստանը ներկայացնող մարզիկներէն Մաւրիկ Նասիբեան 74 քկ դասակարգին մէջ տիրացած էր ոսկի մետալին եւ դարձած աշխարհի ախոյեան:

Նշենք, որ վերոնշեալ երկու մարզիկներն ալ կը ներկայացնեն սամպոյի եւ ժիւտոյի ողիմպիական մանկապատանեկան մարզադպրոցի Ստեփանակերտի մասնաճիւղը:

Share this Article
CATEGORIES