Ծանրաբարձութիւն. Իզապելլա Եայլեան` 20 Տարեկանէն Վար Եւրոպայի Ախոյեան
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը երէկ հաղորդեց, որ Լիմասոլի մէջ (Կիպրոս) տեղի ունեցող Եւրոպայի 20 եւ 23 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, 19 տարեկան ծանրաբարձ Իզապելլա Եայլեան առաջին ոսկի մետալը պարգեւեց Հայաստանին:
Արդարեւ, 20 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Իզապելլա երկամարտի արդիւնքներով ընդամէնը բարձրացնելով 191 քկ (85 եւ 106) տիրացաւ տիտղոսին` 4 քիլոկրամով իր ետին ձգելով սպանացի Ալպա Սանչեսը:
CATEGORIES Մարզական

