Ճատրակ. Սամուէլ Սեւեան Ախոյեան` Սենթ Լուիսի Մէջ
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը (Armchess.am) կը հաղորդէ, որ կրանտմասթըր Սամուէլ Սեւեան (Միացեալ Նահանգներ), տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, 7-րդ հանգրուանին իր մարզիչին` միջազգային վարպետ Անդրանիկ Մաթիկոզեանին հետ, իսկ նախավերջին` 8-րդ հանգրուանին, պարտութեան մատնեց միջազգային վարպետ Աշուին Ժայարամին (Հնդկաստան):
13 տարեկան Սեւեան, որ առաւելագոյն 8 կէտէն ապահովեց 7 կէտ, անկախ վերջին հանգրուանին արդիւնքէն ապահովեց տիտղոսը` նկատի ունենալով, որ անոր անմիջական մրցակիցը` կրանտմասթըր Սեմի Շուքեր (Եգիպտոս), երկու կէտով ետ է իրմէ:
Նշենք, որ 4-րդ հանգրուանէն ետք Սեւեանի վարկանիշը անցաւ 2500-ը եւ վերջնականապէս ուժի մէջ մտաւ ՖԻՏԷ-ի որոշումը` հայ պատանիին կրանտմասթըրի տիտղոսը շնորհելու գծով:
CATEGORIES Մարզական

