«Յաղթանակս Կը Նուիրեմ Արցախի Երկինքին Վրայ Նահատակուած Հայ Օդաչուներուն» Կ՛ըսէ Մաւրիկ Նասիպեան

Մաւրիկ Նասիպեան

Մաւրիկ Նասիպեան

Երէկ կէսօրին «Զուարթնոց» օդակայան վայրէջք կատարեց Մոսկուա-Երեւան չուերթի օդանաւը, որով հայրենիք կը վերադառնային նաեւ Ճափոնի մէջ տեղի ունեցած սամպոյի աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցած Հայաստանի սամպոյի հաւաքականի անդամները: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնը:

Մարզաձեւի բազմաթիւ երկրպագուներ հաւաքուած էին` դիմաւորելու յատկապէս աշխարհի ախոյեան արցախցի մարզիկ Մաւրիկ Նասիպեանը, որ առաջին հանդիսացաւ մարտական սամպոյի 74 քկ ծանրութեան կարգին մէջ:

Sambo.am-ին տուած կարճ հարցազրոյցի մը ընթացքին Մաւրիկ Նասիպեան յայտարարեց, որ իր յաղթանակը կը նուիրէ Արցախի երկինքին վրայ նահատակուած հայ օդաչուներուն:

Յայտնենք, որ ե՛ւ նորընծայ ախոյեանը, ե՛ւ պրոնզէ մետալի արժանացած Աշոտ Դանիէլեան արցախցի են եւ կը ներկայացնեն Ստեփանակերտի սամպոյի եւ ժիւտոյի ողիմպիական մանկապատանեկան մարզադպրոցը:

Share this Article
CATEGORIES