ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԶԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅ – ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տոնոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 18-21 յուլիս Ուաշինկթըն կը գտնուէր հայ-ամերիկեան երկկողմանի պաշտպանական խորհրդակցութիւններուն մասնակցելու նպատակով:
Այցելութեան սկիզբը տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի` քաղաքականութեան գծով տեղակալ Միշել Ֆլուրնոյի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի զինուորական համագործակցութեան եւ շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:
Այնուհետեւ տեղի ունեցան հայ-ամերիկեան պաշտպանական խորհրդակցութիւնները` Դաւիթ Տոնոյեանի եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի` միջազգային անվտանգութեան հարցերով տեղակալ Ալեքսանտր Վերշպոուի, Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Եւրասիոյ հարցերով փոխտեղակալ Սելեսթ Ուոլանտըրի համանախագահութեամբ: Խորհրդակցութիւններուն ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի զինուորական համագործակցութեան շարք մը հարցեր, մասնաւորաբար` խաղաղապահ գործողութիւններու եւ վարժանքներու կայացումը, զինուորական կրթութեան, անձնակազմի կառավարման եւ զինուորական բժշկութեան մարզերուն առնչուող ծրագիրներ, նախանշուեցան հետագայ համագործակցութեան նոր ուղիներ:
Խորհրդակցութիւնները անցան ջերմ եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ, կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին ընդլայնելու համագործակցութեան մարզերը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Դաւիթ Տոնոյեան հանդիպեցաւ արտաքին գործոց նախարարի` Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով նոր նշանակուած փոխտեղակալ Էրիք Ռուպինի, ռազմաքաղաքական հարցերով տեղակալ Քուրթ Ամընտի, սպառնալիքի նուազեցման եւ արտահանման վերահսկումի հարցերով փոխտեղակալ Էնն Կենզըրի հետ: Քննարկուեցան զինուորական նշանակութեան արտադրանքի արտահանման վերահսկման, Հայաստանի զինեալ ուժերու խաղաղապահ գործողութիւններուն մասնակցութեան, զինուորական կրթութեան եւ մարդասիրական ականազերծման վերաբերող հարցեր: Կարծիքներ փոխանակուեցան միջազգային եւ շրջանային պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու շուրջ:
Հայաստանի պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Արլինկթընի ազգային յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ զետեղեց Անյայտ զինուորի յուշակոթողին: