Վկայութիւն Մը . Պետիկ Հերկելեանի Բանաստեղծական Արբեցումը
ԷՏԿԱՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ
Փայլուն նայուածք, վիպապաշտ ներշնչում, թարմաշունչ բառ, խայթող հեգնանք, մայրիներու երկրի եւ Արարատ լերան միաձուլուած փառաբանանքը. ահաւասիկ` Պետիկ Հերկելեանի մշակութային անմեռ ժառանգութիւնը: Հայերէնով արտայայտուող գրող մը, մարգարէաշունչ, երեսուներեք տարեկանին արմատախիլ եղած հասուն տարիք, երբ տակաւին շատ կարելիութիւններ կան մարդուս դիմաց…
Վեց գիրքեր, բանաստեղծութեան եւ արձակի միջեւ, Նարեկացիի լեզուին ալիքներուն վրայ արձակուած «Մախմուր նաւակներ»: Դիւրաբեկ սրտով եւ վատառողջ, սուրճի մեծ սպառող, հսկայական յիշողութեամբ, Այնճարէն եկող այս նուրբ բանաստեղծը (որ ապրած է նաեւ Պէյրութ) կը վախնար կարծես իր իսկ աճապարանքէն, որովհետեւ ունէր Պետրոս Դուրեանի նախազգացումը, որ մահացած էր շատ երիտասարդ տարիքին…
Մութ ներիմացում ճակատագիրի, եւ պատահական չէ, որ կը ծնիս մարգարէ…
Ծնած է 1954-ին, Այնճարի գեղեցիկ լեռներու եւ առատահոս աղբիւրներու միջավայրի մը մէջ, ուր Պետիկ Հերկելեան անմիջական իր մխիթարանքը կը գտնէր բնութեան քնքշութեան մէջ:
Կէօթէի, Պալզաքի, Թոլսթոյի, Վակների եւ Մահլերի սիրահար, բայց նաեւ` Կոմիտասի եւ Խաչատուրեանի ունկնդիր: Հնութիւններու հաւաքորդ, կեանքին եւ անոր անակնկալներուն հանդէպ միշտ հետաքրքրութեամբ լեցուն` Պետիկ Հերկելեան շատ շուտ հասկցաւ, որ ինք մաս կը կազմէ Պառնասի ընտանիքին:
Հայ գրականութեան փայլուն ուսումնասիրութենէ ետք, Վարուժանի, Մեծարենցի եւ Շուշանեանի հիացող երիտասարդ բանաստեղծը վերջնականօրէն կը նետուի բառերու աշխարհին մէջ:
Տասնեօթը տարեկանին ինքզինք արդէն լիարժէքօրէն կ՛արտայայտէ «Պատուհանէն դուրս» երախայրիքով, ուր տաղանդաւոր պատանի մը կ՛արձակէ իր առաջին ճիչը: Բարեկամութեան, ջերմութեան, սիրոյ առաջին թրթիռներուն եւ ընկերութեան դէմ իր ընդվզումով բանաստեղծը կ՛արտայայտէ ինքզինք: Սիամանթոյի բառերուն շեշտերով եւ ազատագրուած յանգի մը չկաշկանդուող խաղով Պետիկ Հերկելեան իր ձայնը կը բիւրեղացնէ, ինչ որ կատարելապէս ճանաչելի է այսօր…
Քսանինը տարեկանին կը հրատարակէ «Բառը», ուր կ՛արտայայտուի ուժեղ հայրենասիրութիւն մը: Հայրենասիրութիւն մը, ուր իրարու կը խառնուին (սիրող էակին զուգահեռ) Պեքաայի կանաչ դաշտերն ու Գրիգոր Լուսաւորիչի երկրին բարձրաւանդակները…
Անոր կը յաջորդէ «Եւ երկիր պագանեմ» երրորդ հատորը, ուր կրկին կը դրսեւորուին Լիբանանի եւ Հայաստանի հանդէպ նոյն մեծ սէրը` պաշտուած հողի մը նկատմամբ ծունկ չոքելու գեղեցիկ ժեսթով մը:
Առանց հրաժարելու պառնասեան եւ խորհրդանշական գեղեցիկ բանաստեղծութենէն, Պետիկ Հերկելեան կը դառնայ դէպի վէպը: Իր հեգնախառն արձակը թէեւ երբեմն թախծոտ շեշտերով կը պայթի «Եուհու»-ին մէջ, սակայն մեզի կը ներկայանայ պատում մը, ուր երեւակայութիւնը ձաղկող է, այրող եւ կծու:
Այլաբանական պատում մը, որ կը պատմէ երկիր իջեւանած այլամոլորակայինի մը ճիգերը` պահպանելու մեր երկրի անդորրութիւնն ու անսասանութիւնը: Այլաբանութիւն մը, որ ի զօրու է ամէն մէկ երկրի համար, որուն սահմանները ողբերգականօրէն բաց են բոլոր տեսակի փոթորիկներու դիմաց…
Անհեթեթին եւ հեգնանքին միջեւ, ողբերգակ շեշտով մը, վիպասանը կ՛առաջարկէ իր գաղափարները` փրկելու համար երկիրը քաոսէն, ինչպէս նաեւ` ընկերային եւ քաղաքական խոտորումներէն:

