Ասի Պետիկ Հերկելեանի Թէյն Է

«Խիզախութեան ժպիտը»
Գործ՝ Ռուտիկ Տէր Պետրոսեանի
Բանաստեղծ Պետիկ Հերկելեանի
Արեւոտ Ստուերին…
Բերուած Պէյրութէն
Քաղաքի միւս կողմէն,
Ցեխոտ մայթերէն վեր բարձրացող
Կարմիր անձրեւներու շոգիով
Հասնող մինչեւ իր խոնաւ ու տամուկ սենեակը: Պետիկ Հերկելեանի թէյն է
Որուն անունը մաշեցուցինք բառ առ բառ
Առանց անգիր ընելու անոր ոգին
Փնտռեցինք տրամ եւ գեղագիտութիւն
Ծալեցինք ոգին
Չմեռնող ծաղիկի պէս դրինք մեր
ճամբորդութեան հինցած գիրքերուն մէջ
Քէնի վերածեցինք իր բարեւը եւ երազները
Օդապարիկի պէս վարձու տուինք:
Ասի իր թէյն է ինք չկայ
Ինչպէս եւ չկան երանաւէտ մեռելները.
Ցաւի կափարիչներուն վրայ
Կոխելով քալելու կը նմանի այս հայրենասիրութիւնը
Եւ հետապնդումը
Քաղաքին հին օրհասը վիպող Բանաստեղծի վերադարձին:
Անոր գլխարկին, պահուած աչքերուն ու լայնալիճ ակնոցներուն ամէն մէկ բառին:
Փշուր դարձած կարօտի ապակիներէն սողալով
– Ռուսական սողալ մը կար յիշեցի՞ք-
Արմուկներու վրայ
Պաչեանին հետ ամայութիւնը կ՛ուտէ քաղաքին հոգին
Ամայութիւնը բոլոր մորթուող բանաստեղծներուն տունն է:
Ամայութիւնը մեր հոգիներուն եաթաղանն է
Ուր մենք որոշած ենք մորթել մեր կոյս ու քսուած էգ-բառերը
Ոչ կանայք, ոչ գինիները, ոչ բիրէ զուրկ գրողական ընկերները
Անօթութիւնը մեր սրտին վրայ խոռոչներ պիտի բանայ
Անօթի՞ ենք բառին
Բառ տուէ՛ք ուտեմ
Հացին փաթթելով
Բառ տուէք ուտեմ:
Եղիան ինքզինք կ՛ուտէ
Ես կերակուրներս բառերուն մէջ կը թափեմ:
Ասի Պետիկ Հերկելեանի թէյն է կ՛ըսեմ,
Դուրսը փամփուշտներու սուլոց
Հայեր զիրար կը սպաննեն նորէն,
Ինք նստած տողերը կը հաշուէ
Չըլլայ թէ բառը սահի ամորձատուած պիտի մնայ բանաստեղծութիւնը:
Ամորձատուած պիտի մնայ իմաստը վանկին
Ուրուականները եթեմին դիմաց
Նորէն կախ ու լիրբ բայեր պիտի ծամեն
Հարուստ գրողներ,
Աղքատ գրողներ,
Կեղծամ դրած ու ապիկար գրողներ
Աղբի տոպրակները թոննաներով ինչքան ուզես
Մոխրամանը եւ հազար սիկարէթի կճատ
Ու թէյը մնայունը կիրքերուն:
Կինէն առաջ, կինէն վերջ
Հոսումէն առաջ, հոսումէն վերջ
Հայաստանի գիշերները չէ տեսած Պետիկը: Սենեակը նօթի
Թշուառ` բառին դիմաց
Բառի թանկութիւն
Գիրքերուն վրայ
Բերաններուն որ խմբագիր դարձան
Յիշատակելին
Գոլայի շիշին ճիշդ տակի բաժինը ակնոցի ապակին:
Պէյրութը Հայաստանին կը խառնեմ
Մոռցեր եմ, որ հոս նուազ չորս է դուրսը
Չկայ պրըթէլով Ժիրոն
Չկայ Աստուրը
– Ա՜յգ, Զարթօ՜նք, Ազդակ, Արարատ պոռացողը չկայ
Չկան չմեռնող կոմուստիները
Չկան ընկեր ատամնաբոյժները
Կարօտի հին փշրուած մեհեանին վրայ
Բառերը կաղամ
Բառերը կը մաքրեմ
Քրտերէն, պարսկերէն եւ արաբերէն կը ճամբորդեմ
Հեռաւոր ստուերներու ետեւէն կը պոռա՜մ
– Ասի Պետիկ Հերկելեանին թէյն է,
Հասկցէ՛ք:
Ասի Պետիկ Հերկելեանին թէյն է,
Կը մտնեմ բոլոր մանրամասնութիւններուն մէջ
Գինիի կաթիլ մը արեան հետքերուն վրայ
Անոր սահուն հալումաշ վարի մասերուն կը հայիմ
Բերանէն դուրս վազող բառերուն
Ծանր կաւիճով գրած են անունը բոլոր թաղերուն մէջ
Ուր կրակոց կը լսուի.
– Զարկի՛ն, զարկի՛ն – մէկը կը պոռայ
«Բանակի յայտնի կրակոցներն են» կ՛ըսեն
Արիւն շաղուող թանձր վէրքին մէջ:
Հերպեսի հիւանդութեան պէս:
– Բերանդ վէրք կը հոտի կ՛ըսէ
Ասի Պետիկ Հերկելեանի թէյն է կ՛ըսեմ:
Յաջորդ օրը հայերէնի ուսուցչուհիս տխուր հեքիաթ կը պատմէ Պետիկին մասին
Բոլորս լուռ կը ծամենք պատմութիւնը
Անոր դեղին դարձած ոսկին կը մնայ
Բառի քանի- մը տետրակներու մէջ
Մեզի հետ մեզմէ արագ ճամբորդող
Մարմինը հողին, հոգին հեռու կը տանին…
….
Հիմա կանգնած իր ընկերներուն նայելով`
Ասի Պետիկ Հերկելեանի թէյի բաժակն է կ՛ըսեմ:
Ս. Ա.

