Լիբանանի Անկախութեան Նուիրուած Թատերական Ներկայացում
Շաբաթ, 22 նոյեմբեր 2014-ին, Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի «Հետուիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան նուիրուած թատերական երգախառն ներկայացում մը` վարժարանի աշակերտութեան կողմէ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց վարժարանի ուսուցիչ Լինա Թիւմպէրեանը, որ բացատրութիւններ տուաւ ներկայացուելիք թատերախաղին մասին` «840-ի ամառը» խորագրուած, որուն բեմադրական աշխատանքները ինք տարած էր, բեմայարդարման բաժինը ստանձնած էին Լուսի Անտոնեանը եւ Միրնա Շէրպէթճեանը, իսկ գեղարուեստական բաժնի աշխատանքները տարած էին Նայիրա Ադամեանը եւ Սարին Քէօֆթէեանը:
Ներկաները առիթ ունեցան հետեւելու արաբերէն լեզուով մատուցուած շուրջ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ ներկայացումին` երգերու եւ պարերու ընկերակցութեամբ: Ներկայացուեցաւ լիբանանցի ժողովուրդին ապստամբութիւնը բռնատիրական իշխանութիւններուն դէմ 1840-ական թուականներուն:
Աշակերտները յաջողեցան լաւագոյնս ներկայացնել պատմական կերպարները եւ ներկաները ներշնչեցին հայրենասիրական բարձր ոգիով` Լիբանանի անկախութեան 71-րդ տարեդարձին առիթով:

