Հայ Աւետ. Քոլեճի Աշակերտները Վարչապետարան Այցելեցին
Լիբանանի անկախութեան 71-րդ տարեդարձին առիթով Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճի աշակերտները, նախօրօք առնուած յատուկ արտօնութեամբ, կառավարական պալատ` վարչապետարան այցելեցին` առաջնորդութեամբ դպրոցի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի եւ ուսուցիչներու: Պատասխանատուի մը առաջնորդութեամբ աշակերտները շրջագայեցան վարչապետարանի սրահներուն, անցքերուն մէջ ու բարձրացան մեծ պատշգամ, անոնց առիթ տուաւ, որ յիշատակի նկարներ առնեն: Ամէն մէկ այցելուի տրուեցաւ գրքոյկ մը` վարչապետարանին մասին, եւ կատարուեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն: Աշակերտներ գոհ սրտերով հեռացան վարչապետարանէն:
CATEGORIES Գաղութային

