Լիբանանի Անկախութեան 71-րդ Տարեդարձի Հանդիսութիւն Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

1121_Harboyan-schoolԼիբանանի անկախութեան 71-ամեակին առիթով Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ վարժարանի աշակերտութիւնը պատրաստած էր կոկիկ յայտագիր մը, որ ներկայացուց ուրբաթ,  21 նոյեմբերին: Արդէն քանի մը օրէ լիբանանեան դրօշակները զարդարած էին դպրոցին շրջափակը եւ այդ օր զբօսանքներուն ընթացքին կը հնչէին հայրենասիրական երգեր:

Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք միջնակարգ բաժնի արաբերէնի ուսուցչուհի Արզէ Ալամ բացման խօսքին մէջ ըսաւ, թէ` «անկախութիւնը քաղցր բառ մըն է, որուն իմաստները բազմաթիւ են ու շատ գեղեցիկ: Սակայն այս տարի կայ իրողութիւն մը, որ մեզ կը զրկէ  անկախութեան բերկրանքէն, որուն պատճառն ալ այն սեւ ձեռքերն են, որոնք պէտք է արմատախիլ ընել եւ ոչնչացնել, որպէսզի կարենանք հասնիլ մեր նպատակներուն: Եւ այս բոլորը կարելի է կատարել շնորհիւ մեր քաջ բանակին, որ գլխաւոր պահապանն է մեր անկախութեան»:

Յայտագիրը սկսաւ Ծաղիկ դասարանի աշակերտներու «Լիբանան» եւ «Արտ պիլատի» երգերով, որոնց յաջորդեց ֆրանսերէնով երեք ասմունք` կատարողութեամբ Ա., Ը. եւ Դ.  դասարաններու խումբ մը աշակերտներու: Այնուհետեւ, 6-րդ դասարանի աշակերտները անկախութեան առիթով խօսք առին ու շեշտը դրին իսկական անկախութեան անհրաժեշտութեան վրայ:

Օրուան պատգամը փոխանցեց վարժարանի երկրորդական բաժնի արաբերէնի ուսուցիչ  Ամին  Ռամի, որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ` «անկախութեան տօնը կը նշենք ցաւ եւ վախ զգալով եւ մեր աչքերուն մէջ արցունքի սեւ կաթիլներով` ի տես այն մեծ հերոսներուն, որոնք ինկան ու տակաւին կ՛իյնան այս խաչուած հայրենիքի խորանին վրայ: Հայրենիք մը, որուն Գողգոթայի ճամբան երկարեցաւ, հայրենիք մը, որ այսօր մերն է, սակայն վաղը այն ձերը պիտի ըլլայ, ու յաւիտեան պիտի գոյատեւէ, այնքան ատեն որ զինք կը սիրենք մեր սրտի խորքէն եւ ոչ միայն մեր ճառախօսութիւններուն ընդմէջէն»: Ռամի նշեց, թէ` «Լիբանանը սուղ է եւ անոր ամէնէն սուղ բաժինը այն է, որ դո՛ւք էք անոր հաւատարիմ զաւակները, թէ` Լիբանանը բարձր է եւ անոր ամէնէն բարձր բաժինը ձեր ունեցած ձգտումներն ու յոյսերն են»: Ան նաեւ կոչ ուղղեց բոլորին` բռնցքուելու լիբանանեան բանակին հետ, որպէսզի այս հայրենիքը փրկենք ամէն տեսակի նախայարձակներէ:

Առաջին դասարանի «Արզաք եա Լուպնան» երգեցողութեան յաջորդեց 5-րդ դասարանի աշակերտներուն «Նաշիտ ալամ» ասմունքը, ապա յայտագիրը փակուեցաւ վարժարանի պարախումբին ներկայացուցած արաբական պարով:

Հուսկ, բեմ բարձրացաւ տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որ ըսաւ. «Այսօր նշեցինք ա՛յն անկախութիւնը, որուն մասին կ՛երազենք, եւ որուն կը ձգտինք հասնիլ»,  ապա բեմ հրաւիրելով Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սեպուհ վրդ. Կարապետեանը` խնդրեց միասնաբար աղօթել լիբանանեան բանակի նահատակներուն հոգիներուն համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )