Լիբանանի Անկախութեան Տօնը Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ
21 նոյեմբեր 2014-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը պատշաճ հանդիսութեամբ մը նշեց Լիբանանի անկախութեան տօնը:
Հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին վարժարանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբը, դասարանային խմբակներ, աշակերտներ եւ ուսուցիչներ` քերթուածներու, երգերու եւ պարերու միջոցով արտայայտելու համար օրուան խորհուրդը: Ներկայացուեցան խմբային եւ անհատական ինը ասմունքներ, վեց երգեր, թատերական երկու պատկերներ եւ երկու պար` խանդավառելով բոլոր ներկաները:
Հանդիսութեան բացման խօսքին մէջ աշակերտ Վանեսա Հաժժար ըսաւ.
«Երկրի մը տարածութիւնը քառակուսի մեթրերով չէ, որ կը չափուի, ոչ ալ ժողովուրդներու պատմութիւնը` տարիներով: Կան երկիրներ, որոնք շրջանցելով պատմութեան ու աշխարհագրութեան չափանիշները, յանգած են երկնային առաքելութիւններու` դպրոց դառնալով մարդկութեան ու քաղաքակրթութեան, եւ իրենց արժէքները տարածած են համայն աշխարհին մէջ: 71 տարիներ առաջ Լիբանանի անկախութեան ռահվիրաները, հրաժարելով իրենց անհատական փոքր շահախնդրութենէն եւ համայնքային պատկանելիութենէն, այս երկիրը հասցուցին զարգացման բարձրակէտին` կրկին շողացնելով ազատութեան արեւը անոր վերեւ»:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Զմմառու վանահայր, Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի պատրիարքական փոխանորդ հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան: Գերապայծառ տէրը շեշտեց սիրոյ եւ համերաշխութեան, բարութեան եւ հանդուրժողականութեան կարեւորութիւնը ինչպէս մարդ անհատի կեանքին, այնպէս ալ ընկերութեան եւ հայրենիքներու առողջ գոյատեւումին եւ զարգացումին մէջ: Ան ըսաւ, որ երկրի մը անկախութիւնը նախ եւ առաջ կը հիմնուի բարոյական արժէքներու վրայ, որոնց պահպանումը մեծագոյն երաշխիքն է խաղաղութեան:
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ կոչ ուղղեց աշակերտներուն` ըլլալու արժանի հետեւորդները Լիբանան հաստատուած մեր հայրերուն եւ մեծ հայրերուն, որոնք իրենց վարքով դարձան օրինակելի քաղաքացիները այս երկրին: Ան դիտել տուաւ, որ հայ ազգութեամբ Լիբանանի քաղաքացիները միշտ փայլած են իրենց աշխատասիրութեամբ եւ այս երկրին նկատմամբ մեծ սիրով` բոլոր մարզերուն մէջ նպաստելով անոր զարգացումին:

