Դաշնակցութեան 124-Ամեակի Նշում

Միացեալ Նահանգներ

1101detroitԿազմակերպութեամբ ՀՅԴ Տիթրոյիթի «Ազատամարտ» կոմիտէին, 1 նոյեմբերին Լիվոնիա շրջանի Պըրթըն Մայնըր սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի 124-ամեակի ձեռնարկը:

Օրուան պատգամաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ եւ ՀՅԴ Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի նախկին ներկայացուցիչ, Տիթրոյիթի նոր Հայ կեդրոնի կեդրոնական յանձնախումբի համանախագահ Հայկ Օշական: Իր պատգամին մէջ ան անդրադարձաւ ՀՅԴ-ի ներկայ լայնածաւալ գործունէութեան` հայրենիքէն ներս թէ դուրս: Ան անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի ՀՅԴ-ի եւ իր յարակից միութիւններուն ծաւալած աշխատանքներուն` քաղաքական, կրթական, մշակութային թէ մարզական մարզերէն ներս, հաստատելով, որ այս բոլորը արդիւնքն էին համեստ դաշնակցականներու անշահախնդիր զոհողութիւններուն` առանց երբեք գնահատանք ու վարձատրութիւն ակնկալելու:

Ապա ՀՅԴ «Ազատամարտ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Ուրլեան փոխանցեց «Տարուան համակիր» մրցանակները Յակոբ Տաքէսեանին, Րաֆֆի Քիւրեճեանին ու Շաքէ Պասմաճեանին, որոնք երկար տարիներու ընթացքին միշտ նեցուկ կանգնած են գաղութի բոլոր միութիւններուն եւ հաստատութիւններուն ` նիւթապէս, բարոյապէս եւ գործնապէս:

Նշենք, որ սոյն ձեռնարկին հասոյթը ամբողջութեամբ յատկացուեցաւ Սուրիահայութեան օգնութեան ֆոնտին:

 

Քանատա

1115_toronto15 նոյեմբեր 2014-ին, թորոնթոհայութիւնը հաւաքուեցաւ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահը` պանծացնելու համար 124 տարիներու անընկճելի կամքն ու հերոսական պատմութիւնը ՀՅԴ  «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէութեան, ՀՅԴ  «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան, եւ ՀՅԴ. ՔԵՄ-ի  «Ս. Զաւարեան» մասնաճիւղին կազմակերպած ազգային-յեղափոխական երգերու երեկոյթով:

Սրահը զարդարուած էր ՀՅ Դաշնակցութեան դրօշներով, ֆետայիներու եւ ազգային գործիչներու նկարներով. իսկ իւրաքանչիւր սեղանի կեդրոնը զետեղուած էր ֆետայիի մը որմազդը, որ պատրաստութիւնն էր  ՀՅԴ  Քանատայի պատանեկան միութիւններուն:

Ձեռնարկը վարեց Շանթ Նաճարեան, որ բարի գալուստի խօսքէն եւ հակիրճ պատմականի մը ներկայացումէն ետք, ներկաներու փոխանցեց, որ` «հարկ է շարունակել վեհ գործը, մեր նպատակը տկարութիւն պէտք չէ՛ ճանչնայ մինչեւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի իրականացումը»:

Ապա սրահ մուտք գործեցին ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» պատանեկան միութիւններու անդամները, որոնց յաջորդեց վաստակաւոր դաշնակցական Սերոբ Վեսոյեանի յուզիչ եւ տպաւորիչ ՀՅԴ-ի ջահով մուտքը սրահ եւ ջահի փոխանցումը պատանի Մհեր Գարաճեանին: Առյաւէտ բաժնուած ֆետայիներու, գործիչներու, ազատամարտիկներու եւ դաշնակցական ընկերներու յիշատակը յոտնկայս` մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելէ ետք, պատանիները ձեռնարկին բացումը կատարեցին «Մեր հայրենիք» եւ «Մշակ, բանուոր» քայլերգներու խմբային երգեցողութեամբ:

1115_toronto2Պատանիներու երգեցողութեան յաջորդեց պատանեկանէն ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան շարքերը փոխանցուող երիտասարդներու խոստման արարողութիւնը, որ վարեց ՔԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ռազմիկ Չաքմաքեան:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէի անդամ Անի Շարապխանեան, որ վեր առաւ Դաշնակցութեան արժէքը` 124 տարիներու իր գործունէութեան ընդմէջէն: Ան ըսաւ. «Սուրը, բահը, գրիչը կեանք առին դաշնակցական երիտասարդ ղեկավարութեամբ ու մարմնացան մարտական, քաղաքական, դիւանագիտական, քարոզչական ու դաստիարակչական աշխատանքներուն մէջ»: Շարապխանեան աւելցուց, թէ հայ ժողովուրդը պիտի չկարենար շրջանցել Ցեղասպանութեան արհաւիրքը ու կազմակերպել իր գաղութները, հիմնել իր ակումբներն ու դպրոցները, շինել իր եկեղեցիները, ամուր պահել իր մշակոյթը, կերտել քաղաքական միտքեր ու երազել ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի մասին` առանց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Մէկ խօսքով, 124-ամեայ ՀՅԴ-ն հայոց ժամանակակից պատմութեան հիմնական ու կարեւորագոյն մասնիկն է, այնքան մը, որ սփիւռքեան իրականութիւնը կը նոյնանայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան զարգացման հոլովոյթին հետ:

Ապա Շարապխանեան հաստատեց, որ այսօր Դաշնակցութեան առջեւ ծառացող  մարտահրաւէրները շատ են`  թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ճակատներուն վրայ: Իսկ Թորոնթոյի պարագային, այդ բոլորին վրայ կու գան աւելնալու Հայ կեդրոնի պահպանումն ու նիւթական օժանդակութիւնը: Սակայն «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէն վստահութիւն ունի թորոնթոհայ գաղութին վրայ ու հպարտ է անով:

Պաշտօնական բաժինի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Էլի Պէպէրեան, որ ազգային ու յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ մինչեւ ուշ ժամեր:

Յաջորդ օրը, նոյեմբեր 16-ին, Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի,  հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութենէն առյաւէտ բաժնուած ընկերներու հոգիներուն յիշատակին:

 

Թեհրան

1119tehranՆոյեմբեր 19-ին Հ. Մ. «Արարատ» կազմակերպութեան «Կոմիտաս» սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի 124-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մելան Սեֆեան, որ հաստատեց, թէ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենաերկարակեաց ուղեւորներէն մէկն է ՀՅԴ-ն, որ անգամ մը եւս կը նշէ իր հիմնադրութեան տարեդարձը: Ան նկատել տուաւ, որ  տարեդարձները առիթներ են գործունէութիւններ գնահատելու:

Օրուան բանախօս ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Լեւոն Մկրտչեան իր ելոյթին մէջ շեշտը դրաւ աշխարհաքաղաքական ներկայ բարդ իրավիճակին, ՀՅԴ-ի առաքելութեան եւ իր քաղաքականութեան մէջ որդեգրած ուղիին վրայ: Ան նաեւ մատնանշեց Դաշնակցութեան համար երեք հիմնական առաքելութիւններ. ա) Տեսլական, երբ հայ յեղափոխականները համախմբուեցան հայրենիքի ազատագրման շուրջ, երբ հայրենիքը կը գտնուէր սարսափելի ծանր իրավիճակի մէջ, անոնք իրենց վրայ պատասխանատուութիւն առին պահպանելու տեսլականը, բ) Գործի կուսակցութիւնը, որ ձեւաւորուեցաւ Քրիստափոր Միքայէլեանի ձեռքով, գ) Տուրք չտալ ամբոխային տրամաբանութեան եւ թոյլ չտալ, որ անիկա յաղթէ կուսակցութեան եւ հայ ժողովուրդին:

Բանախօսը նաեւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Հայաստանի դիմաց ծառացող մարտահրաւէրներուն` անդրադառնալով Հայաստանի անվտանգութեան յանգեցնող ռազմավարական քայլերուն:

ԹՀԹ-ի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան իր ելոյթին մէջ հաստատեց, որ անցնող 124 տարիներու ընթացքին ՀՅԴ իր նուիրաբերող ծառայութեամբ մեր ժողովուրդին նուիրեց այն, ինչ որ ոչ մէկ քաղաքական կազմակերպութիւն չկրցաւ մինչ այդ տալ, աւելցնելով, որ մենք մեր գիտակցութեան մէջ կը վերակենդանացնենք պատկերը եւ տիպարը բոլոր այն անձերուն ու պատմական դէպքերուն, որոնք մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ վճռական ու ճակատագրական դեր ունեցած են:

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ  գեղարուեստական յայտագիր:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )