ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 200 ԱՆԳԱՄ ԽԱԽՏԱԾ Է ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԸ
Արցախի բանակի տեղեկատուական գրասենեակին համաձայն, Ղարաբաղ – Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ 16-էն 23 յուլիս երկարող շաբթուան ընթացքին ազրպէյճանական բանակը շուրջ 224 անգամ խախտած է զինադադարը. սոյն խախտումներուն ընթացքին արձանագրուած է աւելի քան 718 կրակոց:
Ազրպէյճանական բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային եւ արձակազէնային հրացաններէ կրակ բացած են սահմանային դիրքերու վրայ տեղակայուած հայկական գրեթէ բոլոր դիրքերուն ուղղութեամբ:
Հակառակ թշնամիին ցուցաբերած աշխուժութեան, Արցախի բանակին յառաջապահ ստորաբաժանումները լաւապէս պաշտպանած են շփման գիծը եւ առանց մարդկային վնասներ տալու վերջ տուած են զինուորական խախտումին:
CATEGORIES Հայկական