ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, միջազգային ընտանիքը վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութիւնը Հըզպալլայի կառավարութիւն չի նկատեր:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Այուպ Հըմայետ յայտնեց, որ կառավարութիւնը նախ իր հակառակորդներուն եւ ապա բարեկամներուն պէտք է փաստէ, թէ ինք բոլորին համար կը գործէ:
ԱՄԱԼ շարժումի պատասխանատուներէն Խալիլ Համտան յայտնեց, որ իրենք կառչած կը մնան առանց նախապայմանի կատարուելիք լիբանանեան ներքին երկխօսութեան:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա իր անձնական օդանաւով մեկնեցաւ Թուրքիա:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քամել Ռիֆայի «Նաշրա» կայքէջին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը պիտի չապազինուի, մինչեւ Պաղեստինի ազատագրումը: Ռիֆայի խստիւ դատապարտեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ քաղաքացիական անհնազանդութիւն կազմակերպելու ախորժակները:
ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ այսօրուան դրութեամբ լիբանանեան ներքին երկխօսութիւնը շատ աւելի կարեւոր է, քան որեւէ այլ ժամանակ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յանձնառու է, որ պետական պաշտօնեաներուն նշանակումները կատարուին ոխակալութենէ հեռու մթնոլորտի մէջ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Խազեն նկատել տուաւ, որ կառավարութիւնը բաղկացնող քաղաքական բոլոր ուժերը համաձայն են եւ նախանձախնդիր` ատակութեան եւ կարողութեան սկզբունքներուն հիման վրայ պետական պաշտօնեաներու նշանակումներ կատարելու:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ատել Մալեք յայտնեց, որ մեծ պետութիւններուն համար Լիբանանը առաջնահերթութիւն մը չէ: Ան ընդգծեց լիբանանեան ներքին երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը:
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ կոչ ուղղեց կատարելու որոշ բարեկարգումներ` բարելաւելու համար երկրին տնտեսութիւնը:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհասի հետ սնունդի ապահովութեան նոր ծրագիր մը մշակած է:
ԷՍԹՈՆԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Ուրմաս Փայեթ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ էոթոնիացի զբօսաշրջիկները առեւանգողները պարզապէս գործադրած են իրենցմէ պահանջուածը եւ անոնք քաղաքական ոչ մէկ ենթահող ունին:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած պատահարներուն պատճառով Լիբանանի մէջ համայնքային բախումներ չեն կրնար պատահիլ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը իրենց յաջորդ ընդարձակ նիստը պիտի գումարեն ներկայութեամբ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նոյն օրաթերթը հաւանական նկատեց, որ Հարիրի Ռամատանի իֆթարներուն առիթով իր խօսքերը արտասանէ «Պիել»ի մէջ` նկատի ունենալով Քրայթեմի պալատին վերանորոգման աշխատանքները:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Իսրայէլ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը կ՛ամբաստանէ Հըզպալլայի հետ բարեացակամ ըլլալու յանցանքով:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ ժողովուրդին ապրուստի կացութիւնը կառավարութեան առաջնահերթութեան վերածուած է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման նախկին հիմքերուն վրայ չի կրնար երկխօսութեան հրաւիրել լիբանանեան քաղաքական ուժերը:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունենայ Քաթարի իշխան շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանիի հետ:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթ. «Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմար Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն գաղտնի այցելութիւններ կը կատարէ Նիւ Եորքի մէջ»:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Թեհրան իր այցելութեան ընթացքին Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի կողմէ նուէր ստացած իրանեան արտադրութեամբ ինքնաշարժը նուիրած է վարչապետութեան:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն կը նախատեսուի, որ 2 օգոստոսի կառավարութեան նիստին կատարուին շարք մը նոր նշանակումներ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան աշնան պիտի գտնուի Լա Հէյէն փչող տաք հովերու դէմ յանդիման: