Ճատրակ. Կիրակի, 30 Նոյեմբերին Կայծակնային Ախոյեանութիւնը Եւ Բ. Դասակարգի Վերջին Հանգրուանը

Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յայտարարեց, որ կիրակի, 30 նոյեմբերին, «Քոմոտոր» պանդոկին մէջ (Համրա)` մասնակցութեամբ Ա. դասակարգի խումբերուն, տեղի պիտի ունենայ կայծակնային ճատրակի ախոյեանութիւնը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Ղազախստանի դեսպանին:

Այս ախոյեանութիւնը պիտի սկսի ժամը 13:00-ին եւ պիտի ընդգրկէ 7 հանգրուանի մրցումներ:

Մասնակցող ակումբներուն պատասխանատուները պարտին առաւելագոյնը մինչեւ ուրբաթ, 28 նոյեմբեր, ներկայացնել իրենց խաղացողներուն անունները, ըստ անոնց գրաւած դիրքերուն` 1-էն 12:

Այլ գետնի վրայ, կիրակի, 30 նոյեմբերին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենան Լիբանանի Բ. դասակարգի ճատրակի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումները, որոնց կը մասնակցին` ՀՄԸՄ Անթիլիաս, Անդրանիկ, Ահլի Սայտա եւ Իրշատ Թրիփոլի:

Ֆետերասիոնին հաղորդագրութեան վերջին բաժինին մէջ նշուեցաւ, որ դարձեալ կիրակի օր, «Մենհեթըն» ճաշարանին մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ «Չես օն լայն» մրցաշարքը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES