Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Բարեկամներու միջեւ պիտի արտայայտէք ճշմարտութիւնները` առանց վերապահութեան, ուշադիր եղէք, ձեր անկեղծութեամբ ոչ ոք վիրաւորեցէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Թոյլ մի՛ տաք, որ մէկը ձեզ վարկաբեկէ: Տէրը եղէք ձեր վարկին` առանց քաշուելու:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մի՛ փորձէք ամէն օր նոր ձեւ մը ստանալ, թէեւ իրաւունք ունիք կատարեալ ըլլալու:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այսօր տնտեսական տեսակէտէն ձախող գործունէութիւն պիտի ունենաք: Ուշադիր եղէք ձեր արարքին:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեզի խրատներ կու տան, բայց դուք զանոնք կը լսէք կէս ականջով: Ականջ տուէք ձեզի տրուած խորհուրդներուն:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Այսօր շատ յոգնութիւն պիտի ունենաք: Ջնջեցէք բոլոր նախաձեռնութիւնները եւ հանգստացէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեզի պիտի թելադրեն կատարել մարզանք մը, որ բնաւ չէք կատարած: Այսուհանդերձ, սկսեցէք մեղմութեամբ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Թոյլ մի՛ տաք, որ գէշ յիշատակներ ձեր տրամադրութիւնը խանգարեն: Ամէն ինչ պիտի փոխուի: Յոյսով ապրեցէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ինքնաշարժ վարելու միջոցին ուշադիր եղէք, որ արկածի մը չհանդիպիք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Այսօր ոչինչ ծախսեցէք, որովհետեւ ձեր ծախսածը անօգուտ պիտի ըլլայ: Ուշադիր եղէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր գինիին մէջ ջուր խառնեցէք, որովհետեւ կրնաք անտրամադիր ըլլալ: Հեռու կեցէք անօգուտ հարցեր արծարծելէ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Խրատները մտիկ չէք ըներ եւ յետոյ կը զղջաք: Անոնք օգտակար պիտի ըլլային: Յամառութիւնը կը վնասէ:

Share this Article
CATEGORIES