50 Տարի Առաջ (28 Նոյեմբեր 1964)
Ազգային Առաջնորդարանի
Նոր Շէնքին Բացումը
Վաղը` կիրակի, 29 նոյեմբեր, տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական բացումը Ազգային առաջնորդարանի նոր շէնքին, բարձր հովանաւորութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի:
Վերջին տարիներու շինարարական աշխատանքներու թափին մէջ, մասնաւոր տեղ մը կը գրաւէ Ազգային առաջնորդարանի նոր շէնքին շինութիւնը, որ կարելի դարձաւ նուիրաբերութեամբը ազնուասիրտ ամոլի մը` տէր եւ տիկին Խորէն Թահաններու:
Պէյրութի հրապարակին վրայ ծանօթ առեւտրական Խորէն թահան, հայու ջանասիրութեամբ եւ յամառ աշխատանքով ոչինչէն դիրք ու անուն կերտած մարդ, տարիներէ ի վեր կը մտածէր ազգաշէն գործի մը մասին` արտայայտելու համար իր երախտագիտութիւնը հանդէպ այն ժողովուրդին, որուն առաքինութիւնները կրցած էր լաւագոյն ձեւով արդիւնաւորել:
Այդ առիթը ներկայացաւ շուրջ մէկուկէս տարի առաջ, երբ անհրաժեշտութիւն դարձած էր այլեւս Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանը օժտել հայութեան դիրքին ու համբաւին արժանի նոր շէնքով մը:
Ընդառաջելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետի դիմումին` Խորէն Թահան յանձն առաւ առաջնորդարանի եռայարկ շէնքին բազմածախս գործը` իշխանական նուիրատուութեամբ մը, որ յաւէտ անմոռանալի պիտի դարձնէ իր գերդաստանին անունը լիբանանահայ տարեգրութեանց մէջ:
Եթէ աչքէ անցընենք վերջին տասնամեակի մեր կեանքը, կը տեսնենք, թէ սրտապնդուելու բազմաթիւ առիթներ տուած են մեզի մեր բախտաւոր հայրենակիցները, որոնք գիտցած են իրենց յաջողութիւններէն բաժին հանել իրենց ժողովուրդին` այլասիրութեան սքանչելի օրինակ մը տալով:
Հայը միշտ նուիրաբերող ժողովուրդ եղած է, ու եթէ նկատի ունենաք շարքը հայ կեանքին մէջ կատարուած իրագործումներուն, կը տեսնենք, թէ մեր գրեթէ բոլոր հաստատութիւնները բարերարներու ազնիւ տրամադրութեանց եւ այդ տրամադրութիւնները գործնականացնելու ատակ հոգեւոր եւ աշխարհական ղեկավարներու ճիգին արդիւնքը եղած են:
Տէր եւ տիկին Խորէն Թահաններ իրենց նուիրաբերումով արժանաւորապէս տեղ կը գրաւեն շարքին մէջ այն բարերարներուն, որոնց անունը ոսկի տառերով պիտի գրուի սփիւռքի կեանքին մէջ` իբրեւ վկայութիւնը մեր ընդհանրական խնդիրներուն հանդէպ գիտակից եւ բոլորանուէր կեցուածքի մը:
Բարերարութեան ազնիւ ժեսթին մէջ մենք կը տեսենք այդ բարերարութիւնը կարելի դարձնող ոգին, որ հայութեան ոգին է, անմար` բոլոր երկինքներու տակ, բոլոր պայմաններու ներքեւ:
Այս իրողութեան ներշնչած խոր գոհունակութեամբ կ՛ողջունենք Ազգային առաջնորդարանի նոր շէնքին բացումը եւ մեր ջերմ գնահատանքը կը յայտնենք Խորէն Թահանին եւ իր ազնիւ կնոջ:
ՏՈՄՍԵՐ
ՄԵՐ ԴԱՍԱԳՐՔԵՐԸ
Մեր տղաքը մեր լեզուն կը սորվին մեր դպրոցներուն մէջ:
Մեր տղաքը մեր լեզուն սորվելու համար մեր դասագիրքերուն պէտք ունին:
Մեր լեզուն սորվեցնելու համար մեր դասագրքերը անբաւարար են:
Մեր դասագրքերը այլազան են, խայտաճամուկ, հապճեպով պատրաստուած:
Մեր աճապարանքին մէջ, հեղինակելու տենդէն բռնուած, մեր դասագրքերը պատահական ձեռնարկներ են, մեծնալու փափաք արտայայտող, բայց` ոչ մեծցնելու:
Մեր դպրոցները կը սպասեն մինչեւ վերամուտ, կը գլեն կ՛անցնին դասաւանդութիւններու առաջին շաբաթը, եւ ապա գրքերու ցանկ կու տան իրենց աշակերտներուն:
Մեր դպրոցներուն մէջ մենք նոյն գրքերը չենք գտներ, մեր գրքերը անհաւասար գրքեր են, այլազան, այլազան…
Մեր դասագրքերը պէտք չունին մանկավարժական ըլլալու, մեր հայրերը այսպիսի գրքերէ սորված են, եւ սորված են, ինչո՞ւ փոխել ձեւը, պատկերազարդե՞լ գիրքը, աւելորդ գործ, անկասկած` յոգնեցուցիչ գործ…
Մեր դասագրքերը պէտք չունին մանկավարժական ըլլալու, մեր հայրերը այսպիտի գրքերէ սորված են, եւ սորված են, ինչո՞ւ փոխել ձեւը, պատկերազարդե՞լ գիրքը, աւելորդ գործ, անկասկած` յոգնեցուցիչ գործ…
Մեր դասագրքերու բովանդակութիւնը նաեւ ձգուած է մեր քմայքին, քերականութեան գիրք մը բային կ՛ըսէ ստորոգիչ, ենթակային` ստորոգեալ, ուրիշ գիրք մը բան մըն ալ չ՛ըսեր, ինչո՞ւ ըսէ, ըսելու համար պէտք է գիտնալ:
Մեր ընթերցաբանութեան գրքերը լեզուներու ուսուցման օրէնքներուն չեն հետեւիր. հատընտիրներ են, ընտիր էջեր կու տան: Մեր տղաքը լաւ կ՛ընեն այդ ընտիր էջերը կարդալով, բայց լեզուի ուսուցումը թեքնիք է, ու մեր գրքերը այդ թեքնիքէն եւ զուրկ են եւ զերծ…
Մեր մեղքերն են ասոնք…
Մեր տղաքն են դպրոցներու մէջ…
Մեր պարտականութիւնն է մեր տղոց ձեռքերուն մէջ դնել մեր դասագրքերը, մեր աղուոր դասագրքերը, օտարներու գրքերէն աւելի աղուոր դասագրքեր, որպէսզի մեր տղաքը լաւ սորվին եւ լաւ սիրեն մեր աղուոր լեզուն:
ՄԱԿԱՐ

