Արուեստի Աշխարհէն. Վան Կոկի Ծաղիկները Կը Վաճառուին 61.8 Միլիոն Տոլարի

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985goghԱՆՇԱՐԺ ԿԵԱՆՔ ՄԸ ՊԱՏԿԵՐՈՂ ՏՊԱՒՈՐԱՊԱՇՏ ՊԱՍՏԱՌ ՄԸ ԿԸ ԳԵՐԱԶԱՆՑԷ ԻՐ ԳԻՆԸ` ՄՈՒՐՃԻ ՀԱՐՈՒԱԾԻՆ ՏԱԿ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՏԵՂԵԿԱԳՐԷ.

Վինսընթ Վան Կոկի մէկ գլուխ գործոցը, զոր գեղանկարիչը գծած է իր կեանքին վերջին տարիներուն, նոյեմբերի սկիզբը Սոթպի՛զի Նիւ Եորքի վաճառատան մէջ 61.8 միլիոն տոլարի ծախուեցաւ Ասիոյ մէջ անանուն գնորդի մը:

«Անշարժ կեանք, ծաղկաման` մարգարտածաղիկներով (տէյզի) եւ հիրիկներով (փոփի)» գեղանկարը գերազանցեց աճուրդի վաճառատան նախատեսած 50 միլիոն տոլարի արժէքը, թէեւ չկոտրեց արուեստագէտին նախապէս այլ աճուրդի մը ընթացքին արձանագրած մրցանիշը: 1990-ին «Տոքթ. Կաշէի դիմանկարը» վաճառուած էր 82.5 միլիոն տոլարի:

Հոլանտացի գեղանկարիչը իր այս բժիշկին տան ծաղիկները գծած է Ֆրանսայի մէջ, 1890-ին իր մահէն քանի մը ամիս առաջ: Գեղանկարը այն սակաւաթիւ գործերէն է, զոր արուեստագէտը վաճառած է իր կեանքին ընթացքին:

Ամետիօ Մոտիլիանիի մէկ քանդակը` «Թեթէ», որ իրագործուած է կրաքարի վրայ, վաճառուեցաւ 70 միլիոն տոլարի եւ մրցանիշ մը կոտրեց իտալացի արուեստագէտին համար:

Ցարդ աճուրդի ընթացքին ամէնէն սուղ վաճառուած արուեստի գործը կը պատկանի բրիտանացի արուեստագէտ Ֆրանսիս Պէյքընի, որուն «Լուսիէն Ֆրոյտի երեք նկարներ» գործը անցեալ տարի վաճառուեցաւ 142.4 միլիոն տոլարի:

 

Share this Article
CATEGORIES