Դուն Հայր Ունի՞u
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Քարինտակ գիւղը
Արարատեան դաշտէն անցնելով Լեռնային Ղարաբաղի ճամբայ` կը նշմարեմ Արարատ լեռը. երկար կը դիտեմ, կը յիշեմ սիրելի ուսուցիչիս` Մուշեղ Իշխանի մէկ բանաստեղծութիւնը` «Ես Մասիսը չտեսայ», ու բարձրաձայն կ՛ըսեմ, «Լոյս իջնէ գերեզմանիդ, սիրելի ուսուցիչս, ես Մասիսը տեսա՜յ»:Այո՛, ես Մասիսը իմ սեփական աչքերովս տեսա՛յ. մինչ այդ միայն նկարներով տեսած էի:
Վերջերս Նորա Բարսեղեանի ստորագրութեամբ հիանալի յօդուած մը կարդացի «Ազդակ»-ի մէջ «Աչքերովդ պէտք է տեսնես, որպէսզի հաւատաս» խորագիրով: Հեղինակը կը խօսի Լեռնային Ղարաբաղ իր այցելութեան մասին, եւ կարդացած ժամանակս, մտովին 14 տարուան ետդարձ մը կը կատարեմ, երբ 2000 թուականի օգոստոսին ընտանիքովս առաջին անգամ ըլլալով այցելեցի վերանկախացած հայրենիք, անմոռանալի օրեր անցուցինք Երեւան, Ծիծեռնակաբերդ, Սարդարապատ, Էջմիածին, Արագած լեռ, Մեղրի, պարսկական սահման, Արաքս գետ, Սեւանայ լիճ, ու ապա քանի մը օրուան համար անցանք Լեռնային Ղարաբաղ:
Զանգեզուր ենք. ինքնաբերաբար աչքերուս առջեւ կը պատկերացնեմ Գարեգին Նժդեհ աննման հերոսը, որ ահ ու սարսափի մատնեց Կարմիր բանակը, եղաւ հայոց արթուն պահակը, ապա դաւադրաբար ձերբակալուեցաւ ու կեանքին վերջին տարիները անցուց խորհրդային բանտերու մէջ:
Արազի ափին ծնած ընկեր,
Էն Արազին մենք մատաղ,
Մութ բանտերում տանջուած ընկեր,
Սուրբ տանջանքիդ մենք մատաղ:
Կը շարունակենք մեր ճամբան եւ կ՛ուղղուինք դէպի Լեռնային Ղարաբաղ:
Կ՛անցնինք մաքուր, կուպրապատ ճամբաներէ: Օրինաւոր շինուած մաքուր ճամբաներ, գիծերով բաժնուած` բնորոշելու համար հակառակ ուղղութեամբ երթեւեկը: Այո՛, «Ես աչքերովս տեսայ ու հաւատացի», սփիւռքի նիւթական օժանդակութիւնները հասած են իրենց նպատակին: Թերահաւատները թող երթան ու իրենց «աչքերով տեսնեն ու հաւատան», եւ անոր համաձայն որոշեն յաջորդ տարիներուն դրամահաւաքի իրենց կատարելիք պարտականութիւնը:

Ղարաբաղցի զինուորներ
Ճամբու եզրին խումբ մը ղարաբաղցի զինուորներու կը հանդիպինք: Ինքնաշարժի վարորդէն կը խնդրեմ, որ կանգ առնէ: Կը մօտենանք այդ աննման հերոսներուն: Արեւէն խանձուած երեսներով, անկեղծ ժպիտով կը դիմաւորեն մեզ: 10 կամ 12 հոգի մը ըլլալու էին: Կը սեղմեմ իրենց կոշտացած ձեռքերը. այդ ձեռքերը, որոնք ազատութիւն շնորհեցին Լեռնային Ղարաբաղին, ու կը շարունակենք մեր ուխտագնացութիւնը:
Հասած ենք «սահման»: Պիտի գա՞յ այդ օրը, երբ Հայաստանի ու Ղարաբաղի միջեւ սահմանը վերանայ. դառնայ մէկ ամբողջութիւն: Երկու հայկական հողամասեր, սակայն տակաւին «սահման» գոյութիւն ունի երկուքին միջեւ, պարզ «սահման» մըն է. երկու հողամասերու մէջ բնակողները հայեր են. նոյն նպատակը հետապնդող` միացեալ, ազատ, անկախ Հայաստան:
Հազիւ Ղարաբաղի հողին ոտք դրած, քանի մը ափ հող կը վերցնեմ ու կը դնեմ տոպրակի մը մէջ` հետս տուն բերելու միտումով:
Մօրս յուղարկաւորութեան ժամանակ բարեկամներէս մէկը, անակնկալ, Ղարաբաղէն բուռ մը հող տուաւ ինծի, որպէսզի օտար հողի մէջ թաղուած մօրս գերեզմանը օրհնուի մայր հողով: Կ՛ուզեմ ունենալ այդ հողէն, որպէսզի օրհնուի ապագայ գերեզմանիս օտար հողը:
Հասած ենք Շուշի: «Մութը չկոխած` պէտք է որոշէք, ո՞ւր կ՛ուզէք իջեւանել, Շուշի՞, թէ՞ Ստեփանակերտ», կը հարցնէ մեր ուղեկիցը:
«Շուշի» նոյն վայրկեանին կը պատասխանենք կինս ու ես:
Ինչո՞ւ Շուշի եւ ոչ Ստեփանակերտ: Հաւատացէք, պատասխան չունիմ, սակայն առանց նախապէս որոշելու, իրարու հետ առանց խորհրդակցելու, մտովի, երկուքս ալ որոշած ենք իջեւանիլ այն քաղաքը, ուրկէ հայ հերոսներ Ստեփանակերտը վերջնականապէս ազատագրեցին, եւ անիկա դարձաւ Ղարաբաղի մայրաքաղաքը:

Շուշիի մանկական պարախումբը
«Շուշիի մէջ քանի մը փոքր պանդոկներ գոյութիւն ունին, սակայն կան նաեւ կարիքաւոր ընտանիքներ, որոնք իրենց տան մէկ սենեակը վարձու տալով` իրենց նիւթական նեղ պայմանները քիչ մը կը թեթեւցնեն», մեզի կը տեղեկացնէ մեր ուղեկից Արան: Համաձայն ենք իջեւանիլ ղարաբաղցիի մը տան մէջ` օգտակար հանդիսացած ըլլալու նպատակով այդ ընտանիքին:
Հասած ենք շէնքի մը առջեւ, որուն պատուհաններուն ապակիները գրեթէ ամբողջութեամբ ջարդուած են, պատերը` ծակ, իսկական պատերազմ տեսած շէնք մըն է: Կինս եւ ես իրարու կը նայինք: Մեր ուղեկիցին աչքէն չի վրիպիր մեր տատամսումը: «Անգամ մը բարձրացէք, նայեցէք, ու ապա որոշում տուէք, եթէ չհաւնիք, կրնամ ձեզ պանդոկ մը առաջնորդել»: Պայուսակները ինքնաշարժին մէջ ձգած` աստիճաններէն կը բարձրանանք շէնքին հինգերորդ յարկը: Շնչասպառ ներս կը մտնենք, ու մեզ կը դիմաւորեն սեւեր հագած միջին տարիքի կին մը եւ իր 20 տարեկանի մօտ երիտասարդ աղջիկը: Ակներեւ է. այրի մըն է, որուն ամուսինը զոհուած է Ղարաբաղի ազատագրման ճամբուն վրայ: «Ձեր յարկաբաժինը էն կողմն է, արի ցոյց տամ» ըսելով` մեզ կ՛առաջնորդէ նոյն յարկին վրայ իր տան դիմացի դուռը: Զարմանա՞լ, ապշի՞լ, թէ՞ հիանալ: Հաւանաբար բոլորը միասին: Շէնքի արտաքին տեսքէն դատելով` թերահաւատօրէն բարձրացած էինք, սակայն երբ յարկաբաժին կը մտնենք, աչքերնուս առջեւ կը պարզուի չափէն աւելի կոկիկ կահաւորուած, մաքուր յարկաբաժին մը: Անմիջապէս կը պատրաստուիմ աստիճաններէն իջնելով պայուսակները բարձրացնելու: «Մի քիչ հանգստացէք, վերջը կարող էք բերել «չամատանները» (պայուսակները), կ՛առաջարկէ տան տիրուհին, սակայն ես արդէն հասած եմ քանի մը յարկ վար: Ինծի կ՛ընկերակցի նաեւ մեր ուղեկիցը:
Երկու անգամ հինգ յարկ բարձրանալը, մէկու մը համար, որ շատոնց կորսնցուցած է այդ վարժութիւնը, բաւական յոգնեցուցիչ է: Քրտինքը կը հոսի ճակտէս. ինքզինքս կը նետեմ բազկաթոռի մը վրայ:
«Ինչո՞վ կարող եմ հիւրասիրել ձեզ», կ՛առաջարկէ տանտիկինը: «Սառը ջուր, եթէ կարելի է»: Հասկնալի է իրենց նիւթական վիճակը, եւ կը փորձեմ ունենալ ոչ ծախսալից հիւրասիրութիւն մը:
Քրտինքս, լեզուիս նման, արդէն սկսեր է չորնալ, սակայն տակաւին «սառը ջուր» վայելելու բախտը չենք ունեցած: 15-էն 20 վայրկեան ետք կը հասնի փրկարար ջուրը: Կեանքիս ամենահամով ջուրը, զոր ցարդ յագեցուցած է ամէն տեսակի ծարաւ: Քանի մը գաւաթ իրարու կը յաջորդեն: Յաջորդ օրը մեր բարեկամ ուղեկիցը կը պարզէ ջուրի ուշացումին պատճառը: Տունը սառնարան չունին, պաղ ջուր հրամցնելու համար տանտիրուհին անմիջապէս ուղարկած է աղջիկը, որ թաղին անկիւնը գտնուող խանութէն սառ գնէ ու մեզի հրամցնէ «սառը ջուր»: Այս լսելով` այնքան կը զղջամ «սառը ջուր» ուզելուս: Կրնայի պարզապէս ջուր ըսել, կամ` «թէպէտեւ օդը տաք է, սակայն ես պաղ ջուր չեմ կրնար խմել» կամ նման սուտ մը գլորել: Արդէն ուշ է. եղածը եղած է, սակայն հիմա, որ գիտեմ իրենց նիւթական վիճակը, որոշած եմ շատ աւելի զգուշ ըլլալ, միեւնոյն ժամանակ գոհ` հոն իջեւանելուս:
Յաջորդ օրը կ՛այցելենք Ստեփանակերտ: Քաղաքապետարանի շէնքին տանիքը կը ծածանի ազատ Ղարաբաղի դրօշը: Հայկական քաղաքներ ու գիւղեր իրարու կը յաջորդեն. պատերազմ տեսած շրջաններ: Բաւական ժամանակ անցած է մեր այցելութեան թուականէն, եւ դժուար է յիշել շարքը մեր այցելած քաղաքներուն: Ասկերանի մէջ կ՛արժանանանք հայ տոհմիկ ընտանիքի մը սրտաբաց հիւրասիրութեան. կը յիշեմ Աղտամը` հիմնովին փլատակ վիճակի մէջ, ապա կը հասնինք Մարտունի` զուտ հայկական քաղաք, ապա կը վերադառնանք Շուշի:

Ելոյթ Շուշիի բերդին մէջ

Փորձի ընթացքին
Անգիտակցաբար իջեւանած ենք արուեստագէտ ընտանիքի մը տունը: Տանտիրուհիս, տիկնիկներ կը պատրաստէ եւ Ղարաբաղի փոքրիկներուն մանկական հեքիաթներ կը պատմէ տիկնիկները «խաղցնելով»: Իր երիտասարդ աղջիկը, մանկական պարախումբ կը ղեկավարէ: Յաջորդ օր հրաւիրուած ենք իրենց պարախումբի կեդրոնը, ուր տեղի կ՛ունենան իրենց փորձերը: Լքուած շէնքի մը մէկ յարկը կը գործածեն որպէս «սթիւտիօ»: Ապակիները ջարդուած են: Ամառ ժամանակ տանելի է, սակայն ձմրան ինչպէ՞ս կարելի է դիմանալ ցուրտին:
Ներկայ կ՛ըլլանք իրենց հիանալի փորձ ելոյթին: Յուզուած, քանի մը փոքր նուէրներով վարձատրելէ ետք փոքրիկ արուեստագէտները, կը պատրաստուինք մեկնելու, երբ անսպասելիօրէն …
«Դու հայր ունե՞ս», կը հարցնէ փոքրիկ աղջնակ մը, ապա կ՛աւելցնէ. «Իմ հայրս սպաննել են ազերիները. նա քաջ մարդ էր, սպաննուեց կռուի ժամանակ, որպէսզի մենք ապրենք մեր ազատ հայրենիքում»:
«Ես ալ հայր չունիմ, իմ հայրս ալ մահացած է, սակայն քու հօրդ նման բախտաւոր մահ չէ ունեցած, հայրենիքի ազատութեան համար չէ զոհուած», թաց աչքերով կը պատասխանեմ աղջնակին:
Խումբով կ՛երթանք Շուշիի բերդը, եւ հոն մասնաւոր մեզի համար կը կատարեն քանի մը պարերով ելոյթ մը:

Ղարաբաղի ձմերուկ
Ի՜նչ մեծ բախտաւորութիւն է դիպուածով իջեւանել արուեստագէտ ընտանիքի մը յարկին տակ: Տանտիրուհիս եւ իր աղջիկը, նկատելով արուեստի նկատմամբ մեր սէրը, մեր կեցութեան քանի մը օրերուն իրենց ժամանակին մեծ մասը մեզի հետ կ՛անցընեն: Շուշի բնակող արուեստագէտներու ծանօթանալը մեծ հաճոյք ու պատիւ էր: Այդ շրջանին լիբանանահայ յայտնի արուեստագէտ Զաքար Քէշիշեան, ամառները Շուշի մնալով, կը ղեկավարէր պատանեկան երգչախումբ մը: Փորձերը կը կատարէին դպրոցի մը մէջ, որուն մուտքին կը կարդանք. «Շուշի մանկական երաժշտական դպրոց»:
Կը ծանօթանանք ղեկավարին: Խումբ մը ղարաբաղցի պարմանուհիներ, հաւաքուած իրենց ղեկավարին շուրջ, այնպիսի եռանդով քառաձայն կ՛երգեն «Քուրիկ, ասա, ո՞րն է ճամբան Պինկէօլի»:
Հնամաշ դաշնակի ետին նստած` Զաքար մեծ խանդավառութեամբ, ուշադրութիւն գրաւող եռանդով ու բծախնդրութեամբ կը սորվեցնէ իր «աշակերտներուն»: Աշակերտ չեն խորքին մէջ, որովհետեւ ան բոլորին մեծ եղբայրն է. պաշտելու աստիճան կը սիրէ բոլորը:
Շուտով բարեկամացած ենք խմբավարին հետ: Կը ժամադրուինք ու կէսօրէ ետք բոլորս միասին կը բարձրանանք Ղարաբաղի ժայռոտ լեռները, կը վայելենք Ղարաբաղի այնքան համով ձմերուկը, վերէն կը դիտենք Քարինտակ գիւղը, ուր բնակիչները ամիսներով շրջապատուած մնացած են. վերէն «կարկուտ կը տեղար» իրենց գլխուն, սակայն դիմադրած են քաջօրէն:
Վերադարձին` երեկոյեան կը հանդիպինք ղարաբաղցի յայտնի արուեստագէտ, գեղանկարիչ Յովիկի բնակարան-արուեստանոցը ու կը վայելենք անոր հիանալի իւղանկարները: Կը ծանօթանանք իր ընտանիքին, ապա կը վերադառնանք տուն: Ժամադրուած ենք ղարաբաղցի բանաստեղծի մը հետ: Կու գայ, կը ծանօթանանք, կը խմենք ու կը մտերմանանք, սակայն տարիներ ետք, ափսոս, որ անունը չեմ յիշեր: Այդ ժամանակ չկային այսօրուան դիւրութիւնները, որպէսզի ե-նամակի միջոցով կարենայինք մնայուն կապի մէջ ըլլալ այդ հիանալի ու մեր վրայ մեծ տպաւորութիւն ձգած արուեստագէտներուն հետ:
Վերադարձի օրը հասած է: Պիտի հեռանաք Շուշիէն. յստակ չէ, թէ ե՛րբ դարձեալ առիթը պիտի ունենանք վայելելու այդ հիանալի քաղաքը: Պիտի բաժնուինք մեզ հիւրասիրող տանտիրուհիէն ու իր ժպտադէմ աղջնակէն: Քանի մը օրուան ընթացքին արդէն այնքան մտերմացած ենք, որ հարազատէ մը բաժնուելու չափ դժուար է բաժանումը: Տրուած ըլլալով, որ օրինաւոր պանդոկ մը չէ, ուր կը վճարես կեցութեանդ սակը, ապա կը ստանաս վճարումի ստացագիրդ, շատ հանգիստ չեմ զգար: Գումարը, ծրարի մը մէջ դրած, կը փոխանցեմ մեր ուղեկցին, որպէսզի ինքը յանձնէ տան տիրոջ: Քանի մը վայրկեան ետք կը վերադառնայ` ըսելով, թ` «տանտիրուհին կը մերժէ ստանալ մեր վճարումը»: «Մեր մէջ աղ ու հաց կայ, ինչպէ՞ս ընդունիլ այդ նուէրը»: Անկարելի է բացատրել, թէ ինչպիսի դժուարութիւններով, կը յաջողինք յանձնել «նուէրը»: Այնքան չքաւոր, նոյնիսկ պաղ ջուր մը հրամցնելու կարողութիւնը չունեցող, սակայն հպարտ ու վեհանձն ղարաբաղցին կը մերժէ իր արդար իրաւունքը, որովհետեւ «աղ ու հաց կայ մեր միջեւ»:
Պատուել գիտէ միշտ իր հիւրին,
Գիտէ գինը աղ ու հացի,
Միշտ հիւրասէր ու միշտ բարի,
Միշտ սրտաբաց ղարաբաղցին:
| Հրաչեայ Բեկլարեան |
Այդ թուականէն ի վեր չեմ այցելած Արցախ:
Անկարելի է, որ մոռնամ մեր սիրելի տանտիրուհին ու իր սրտաբաց ընդունելութիւնը: Յաճախ կը յիշեմ պարախումբին փոքրիկները:
Կ՛երեւակայեմ այդ սեւ, փայլուն աչքերով աղջնակը` արդէն երիտասարդ դարձած, ո՞վ գիտէ, թերեւս արդէն ինքն ալ իր կարգին` մայր դարձած, սակայն իմ աչքերուս առջեւ ան կը մնայ միշտ փոքրիկ աղջնակը, որ ընկերներէն հեռանալով` մօտեցաւ մեզի ու հարց տուաւ.
«Դու հայր ունե՞ս, իմ հայրը սպաննել են ազերիները»:
«Դա շապիկն է, այն քաջ մարդուն,
Բալա ջան,
Որ քեզի նա, հայր էր կոչւում,
Օրօր Օրօր, բալա ջան»:
Լոս Անճելըս 2014

